Ծանրաբարձութիւն. Վանիկ Աւետիսեան Եզրափակեց Լաւագոյն Հնգեակը

1111_vanig-avedissianՂազախստանի մեծագոյն քաղաքին` Ալմաթիի մէջ կը շարունակուի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:

69 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Վանիկ Աւետիսեան երկամարտի մէջ 320 քկ արդիւնք մը արձանագրելով (141 եւ 179) գրաւեց հինգերորդ դիրքը:

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ այս դասակարգին մէջ ախոյեան հռչակուեցաւ Լիաօ Հուի (Չինաստան), որ արձանագրեց 359 քկ արդիւնք մը (166 եւ 193):

 

Share this Article
CATEGORIES