Եուրօ-2016. Փորթուգալ – Հայաստան Մրցումին Իրաւարարը` Յունաստանէն
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ուրբաթ, 14 նոյեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Փորթուգալի` Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
ArmSport.am երէկ յայտնեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուած է Անասթասիոս Սիտիրոփուլոս (Յունաստան):
Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Տամիանոս Էֆթիամիթիս եւ Փոլիխրոնիս Քոսթարաս, չորրորդ իրաւարարը` Խրիսթոս Աքրիվոս, իսկ բերդապահներուն մօտ գտնուող իրաւարարները` Իլիաս Սփաթաս եւ Սթաւրոս Թրիցոնիս (բոլորն ալ` Յունաստանէն):
CATEGORIES Մարզական

