Մասնակցելու Համար Ասիական Ծովեզերեայ 4-րդ Խաղերուն` ՀՄԸՄ-ի Երկու Ներկայացուցիչներ Մեկնեցան Ֆիւքեթ

1111_triathlon14-23 նոյեմբերին Ֆիւքեթի մէջ (Թայլանտ) տեղի պիտի ունենան ասիական ծովեզերեայ 4-րդ խաղերը, որոնց ընթացքին պիտի կիրարկուին տարբեր տեսակի մարզաձեւեր:

Մասնակցող երկիրներուն կարգին է նաեւ Լիբանան, որ կը մասնակցի շարք մը մարզաձեւերու:

Այս խաղերուն մասնակցելու նպատակով ՀՄԸՄ-ի երկու ներկայացուցիչներ` Եուսեֆ Նատեր (թրիաթլոն, մարզիկ) եւ Գէորգ Ալթունեան (մարզիչ) մեկնեցան Թայլանտ:

ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները (որոնք կը ներկայացնեն Լիբանանը) ճամբելու եւ անոնց յաջողութիւն մաղթելու նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայան մեկնեցաւ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի գանձապահ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Պետիկ Լոճիկեան:

Share this Article
CATEGORIES