Արամ Ա. Կաթողիկոս Եզրափակեց Իրան Այցելութիւնը
«Մենք Գաղութէն Հեռացողներով Մտահոգ Չենք,
Բայց Մնացողներով Հպարտ Ենք».
Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իրան կատարած իր հովուապետական այցելութեան վերջին երեկոյեան, կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական Խորհուրդը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Թեմական խորհուրդի անդամները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի զոյգ հայ երեսփոխանները, միութիւններու պատասխանատուներն ու բարերարները:
Բացման խօսքը կատարեց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Բաբախանեանը: Յաջորդաբար խօսք առին նաեւ այլ ազգայիններ, որոնք բոլորն ալ կարեւորութեամբ շեշտեցին վեհափառին օրհնաբեր ու ժողովուրդին կեանքը ծաղկազարդող այցը Իրանի հայութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ունեցած առանցքային դերը հայ ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահպանման մէջ: Անոնք նաեւ անդրադարձան վերջին քանի մը ամիսներուն միջազգային բեմերուն վրայ կաթողիկոսին կատարած գործունէութեան, յատկապէս` Միջին Արեւելքի ներկայ անցուդարձերուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերուն գծով: Ապա Իրանի հայոց երեք թեմերուն անունով խօսք առաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, որ երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` իրանահայութեան հանդէպ իր տածած սիրոյն ու գուրգուրանքին համար: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց Իրանի երեք թեմերուն միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներուն գծով:
Իր եզրափակիչ պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտելով Անթիլիասի կարեւորութիւնը` ըսաւ. «Անթիլիասը կը պատկանի մեր ժողովուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Աթոռը այսօր առաւել քան երբեք լծուած է համահայկական գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր Դատին եւ մեր մշակոյթին ծառայելու»:
Վերջին քանի մը ամիսներուն իր կատարած այցելութիւններուն գծով Վեհափառը դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար միշտ առաջնահերթութիւն եղած է ու կը մնայ Հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն իրականացումը: Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ արտագաղթի յոռի երեւոյթին, որ վերջին տարիներուն սկսած էր արագօրէն թափանցել իրանահայ գաղութէն ներս: Ան ըսաւ. «Մենք գաղութէն հեռացողներով մտահոգ չենք, բայց մնացողներով հպարտ ենք»:
Խօսքի աւարտին վեհափառը «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Հենօ Տէր Ղուկասեանը, որ նիւթապէս սատար հանդիսացած էր Ս. Աստուածածին վանքի շինարարական ծրագիրներուն:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ

Իրան կատարած իր այցելութեան աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս անցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Տուպայի եւ Ապու Տապիի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանին եւ թեմական պատասխանատուներուն հետ:
Կաթողիկոսը այցելութիւն տուաւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, որ շինարարական վերջին հանգրուանին հասած է: Ան գնահատեց գաղութին պատասխանատուները, որոնք կ’ընդլայնեն եկեղեցւոյ ծառայական դաշտը` հոգեւոր սնունդ ու ազգային շունչ մատակարարելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի զանազան քաղաքներուն մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Յայտնենք, որ 11-12 դեկտեմբեր 2014-ին,. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ, պիտի կատարուի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը:

