ԳԷՈՐԳ ԳԱՐԱՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԲԱՐԻ ՈՒ ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՀԱՄԵՍՏ ՈՒ ԱԶԳԱՍԷՐ ՀԱՅԸ

«Գիտեմ` մահը բոլորին համար է, բաց կարծեցի, թէ զիս պիտի շրջանցէ»

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի ծառայասէր զաւակներուն եւ անոնց շարքին հայ արուեստագէտներուն տերեւաթափը կը շարունակուի:

Քառասուն օրեր առաջ սրտի դառն կսկիծով հողին յանձնեցինք մարմինը Գէորգ Գարապոյաճեանի, որուն համար անհրաժեշտը իր սիրած ընտանիքին, հայրենիքին եւ իր պատկանած կազմակերպութեանց համար զոհաբերելն էր:

Այսօր կը զգանք անոր մահուան վիշտին ծանրութիւնը:

Իր նախահայրերուն յիշատակը վառ պահած, իր սերնդակիցներուն հետ կեանքի անուշն ու լեղին ճաշակած, բոլորին նման, սակայն տարբեր յոյսերով տոգորուած, բոլորէն քիչ մը տարբեր անձ մըն էր ան: Իր յաճախած ընկերային, բարեսիրական եւ ուսումնական միջավայրերուն բերումով ան ջամբած էր բարի մարդուն օրինակները, Հայ անկարներու կեդրոններուն բարգաւաճման թափ տուած է եւ անոր հաւատացած է այս մարդը, որ ապրեցաւ առաքինի մարդու մը կեանքը եւ անվերադարձ լքելով ասդենականը` մեզի ձգեց իր բարի ու անմոռանալի յիշատակները:

Հակառակ կեանքէն իրեն հասած բոլոր դժուարութիւններուն եւ հակառակ իր խիստ պահանջկոտութեան` Գէորգ Գարապոյաճեան երբեք ու երբեք չէր տառապած բարդոյթներով, այլ  եղած էր լաւատես եւ կենսունակութեամբ լեցուն:

Մահանալէն քանի մը օր առաջ, կը յիշեմ, իրեն տուած սովորական այցելութիւնը առիթը ընծայեց սկսելու մեր զրոյցին զանազան նիւթերու շուրջ, սակայն զարմանքս մեծ եղաւ, երբ անոր գունատ դէմքին վրայ նշմարեցի յոգնութեան նշանները, եւ երբ հարցուցի, թէ ինչո՞ւ այդքան յոգնած կը թուի, արդեօք շատ քալա՞ծ է, ան ըստ իր ազնիւ բնաւորութեան, ուզեց մթնոլորտը փոխել եւ պատմեց երկուքս զուարճացնող կատակ մը:

Այսուհանդերձ, նոյն եղբ. Գէորգը չէր: Զրուցած ատեն աւելի դանդաղ ու ցած ձայնով ըսաւ. «Եղբայրս, ճիշդ է, որ յոգնած եմ եւ ուժասպառ, կ՛ապրէի մեծ յոյսով, սակայն կեանքը ապրիլ լոկ բառ մը մնաց ինծի համար, քանի որ ես ալ անցայ սպասողներու անուանացանկին շարքը բռնողներուն կարգին»:

Մտահոգութիւնս մեծ եղաւ, երբ վերջին բառերը արտասանեց: Եղբ. Գէորգը, որ կեանքի շունչ տուող եւ միշտ լաւատես բարեկամս էր, ինծի ներկայացաւ այնպէս, կարծես ըսել կ՛ուզէր, թէ իր վերջին այցելութիւնն էր այդ, եկած էր զիս վերջին անգամ տեսնելու եւ հրաժեշտ առնելու… Իրապէս ալ իր վերջին այցելութիւնն էր այդ:

Անսահման էին անոր տարած աշխատանքները, մանաւանդ հոգատարութիւնը` ՔԱՀԼ հաստատութեան: Երբ ոեւէ նուիրատուի մը օժանդակութիւնը կը յանձնուէր ՔԱՀԼ հաստատութեան, կը խնդրուէր իրմէ, որ նուիրատուին անունը չյիշուէր մամուլով: Բայց ան կը բացատրէ, որ եթէ մամուլով նուիրատուին անունը չհրապարակուի, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ համոզել բոլոր անոնք, որոնք տեղեակ չեն եւ կամ չեն համոզուած հաստատութեան հայ ծերունիներուն, աչազուրկերուն եւ անկարներուն օգտակար ըլլալու կարեւորութեան:

Մեր խօսակցութիւնը կը շարունակուէր եւ հերթաբար կը յիշէինք ՀՄԸՄ-ը, ազգը, հայրենիքը եւ կ՛անդրադառնայինք հայ բարեսիրական այլ հաստատութիւններու մտահոգութիւններուն եւ անոնց դիմակալած մարտահրաւէրներուն: Գէորգ Գարապոյաճեան ունէր խիզախ արտայայտութիւններ եւ շինիչ առաջարկներ: Այսուհանդերձ, ան կը յարգէր իր խօսակիցին կարծիքը: Ան ունէր բարեհամբաւ ծառայութիւններ, օրինակ` օգտակար դառնալ կարիքաւորին, չքաւոր սանին ուսում ապահովել, հիւանդտեսի երթալ եւ մասամբ նորին:

Երբ այլեւս վերջնականօրէն անկողինին գամուած էր, անդամալուծուած, Յակոբ Քէշիշեանին հետ այցելեցինք անոր: Հակառակ իր այդ վիճակին` ուրախութեամբ ընդունեց մեզ. նոյն պահուն հեռաձայնեց Վարդգէս Հայրապետեանը, որ հարցուց անոր առողջութեան մասին: Գ. Գարապոյաճեան պատասխանելով` ըսաւ անոր.   «Սիրելի՛ եղբայր, դուն ինձմէ առողջ ես, քանի դուն մէկուկէս ոտք եւ երկու ձեռքեր ունիս, գալով ինծի` ոտքերս եւ ձեռքերս անդամալուծուած են, ինծի մնաց միայն գլուխ մը»: Ինչպէ՞ս կարելի է այդ պահը վերյիշել առանց յուզումի:

Իր արտայայտութիւնը կարծես տեսակ մը հաշտութիւն էր մահուան հետ: Յիշեցի մեծ փիլիսոփայի մը խօսքը, որ կը թելադրէր` «Յիշէ մահը` ապրէ»:

Կեանքի բոլոր երեսները ապրած ու բոլոր վրդովումները լուծած` հասած էր գիտակցութեան ծայրագոյն աստիճանին: Երբեմն ուրախ եւ երբեմն ալ մտատանջուած կը տեսնէի զինք, երբ հարցը կ՛առնչուէր իր առողջութեան:

Բազմահարիւր հայորդիներ, տեղացիներ եւ օտարներ, բազմիցս ըմբոշխնած էին անոր ցուցադրած «Բնութեան գործերուն» նկարները, ՔԱՀԼ-ի ցուցասրահին մէջ:

12 օգոստոս 2010-ին, Հայաստանի դեսպանատան հրաւէրով, Լիբանանի Հայ գրադարաններու պատասխանատուներ, հայ մամուլի տնօրէններ եւ լիբանանահայ մտաւորականներ ժամանած էին Հայաստանի դեսպանատուն` ստանալու համար յատուկ «Շնորհակալագիր»ը, որ ուղարկուած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեանի կողմէ, նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան:

Սոյն շնորհակալագիրը յանձնուեցաւ ձեռամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Նշեալ յատուկ «Շնորհակալագիր»էն անմասն չէր մնացած Գէորգ Գարապոյաճեանը:

22 յունիս 2011-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Գէորգ Գարապոյաճեանին շնորհեց, յետմահու, «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Անխնայ մահ, ի՞նչ տարիր քեզի հետ… շնչազուրկ, հիւծուած ու դալկահար մարմի՞ն մը միայն, բայց իմացի՛ր, որ նոյն օրը զինք սիրողներն ու ճանչցողները իրենց յարգանքի վերջին տուրքը տուին` ողբալով, աղօթելով եւ հայցելով Ամենակարող Բարձրեալէն, որ անդենականին մէջ անոր պարգեւէ անմար լոյսը եւ հոգիի խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն արժանի ընէ իր շնորհած յաւիտենական երջանկութիւնը վայելելու:

Անողո՛րմ մահ, ի՞նչ տարիր քեզի հետ… անշշուկ մարմի՞ն մը միայն. այսուհանդերձ, նուիրեցիր անխոնջ աշխատասիրութեամբ ու անսահման զոհաբերումով լի եօթանասուն տարիներու անմոռաց յիշատակներ, որոնց բարեբեր արդիւնքը դրոշմուած պիտի մնայ ամբողջ համայնքի մը յիշողութեան մէջ` դառնալով անոնց փառքն ու պարծանքը:

Մենք պիտի չմոռնանք եղբ. Գէորգին կտակած մտային պաշարն ու բարոյական դրամագլուխը լաւ նպատակներու ծառայեցնել. արդարեւ, ան կը ներփակէ դաստիարակութիւնը, համերաշխութիւնը եւ փոխյարաբերութիւնը` մեր շրջապատին մէջ եւ այլուր, եւ վերջապէս, մենք պիտի չմոռնանք անոր ջամբած փոխադարձ յարգանքի օրինակը փոխանցել մեզ յաջորդողներուն:

Սիրելի եղբ. Գէորգ, ազատ ու հանգիստ խղճով ննջէ, քանի որ ընտանիքիդ եւ քու ազգիդ պարտքը տալէ ետք, դուն նաեւ քու բարի ծառայութիւններովդ օրինակ դարձար շա՜տ շատերուն:

Այս տխուր առիթով խորազգաց ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ, անոր կնոջ, զաւակներուն, հայ աւետարանական համայնքին, ՔԱՀԼ-ի անձնակազմին, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, հարազատներուն, սիրելիներուն եւ բարեկամներուն:

«Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի»:

Խունկ եւ մոմ` անթառամ յիշատակիդ:

ՍԳԱԿԻՐ
Մ. Տ. Խ.

Share this Article
CATEGORIES