Թուրքիոյ Կիսազինուորական Ոստիկանութեան Ուժերու Հրամանատարը Կ՛այցելէ Ազրպէյճան

Ապտուլլա Աթայ
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «մուսաւաթ» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կիսազինուորական ոստիկանութեան ուժերու հրամանատար Ապտուլլա Աթայի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը կ՛այցելէ Ազրպէյճան:
Մինչեւ 14 նոյեմբեր տեւելիք այցելութեան ընթացքին ծրագրուած են հանդիպումներ Ազրպէյճանի ուժային կառոյցներու ղեկավարութեան հետ:
Ապտուլլա Աթայ Թուրքիոյ կիսազինուորական ոստիկանութեան ուժերու հրամանատար նշանակուած է ընթացիկ տարուան օգոստոսին: Այդ պաշտօնին նշանակուելէ ետք, ան առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Ազրպէյճան:
CATEGORIES Միջազգային

