Ֆրանսայի Մէջ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Զոհերուն Նուիրուած Յուշահամալիր Բացուած Է

1112_WWI«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին զոհուած 579,606 զինուորներու անունները անմահացած են հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ բացուած «Յիշատակի օղակ» յուշահամալիրին մէջ: Բացման արարողութեան մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ:

Իր արտասանած խօսքին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը նշած է, որ Համաշխարհային առաջին պատերազմի զոհերուն յիշատակը պէտք է իբրեւ զինուորական նոր տագնապներէ խուսափելու նախազգուշացում ծառայէ:

Յուշարձանի բացումին ներկայ եղած է նաեւ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա ֆոն տեր Լիայեն:

 

Share this Article
CATEGORIES