Սպանիոյ Կառավարութիւնը Կը Բացառէ Քաթալոնիոյ Անկախութեան Կարեւորութիւնը
Ria.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ կառավարութեան ղեկավարի առաջին տեղակալ Սորայա Սանես տէ Սանթա Մարիա Սպանիոյ ծերակոյտին մէջ յայտարարած է, որ Սպանիոյ կառավարութիւնը Քաթալոնիոյ պիտի չթոյլատրէ անջատուիլ Սպանիայէն:
«Ո՛չ այս կառավարութիւնը, ո՛չ կառավարող կուսակցութիւնը Քաթալոնիոյ անջատման համաձայնութիւն պիտի տան», յայտարարած է ան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէի կայացման առնչուող որեւէ բանակցութիւն պիտի չվարէ:
Ան 9 նոյեմբերին տեղի ունեցած հանրաքուէ-հարցումը ձախողած նկատած է: «Երեք քաթալոնացիներէն երկուքը, ներառեալ` երեխաներն ու արտասահմանցիները, անտեսած են հարցումը», ըսած է Սանթա Մարիա:
CATEGORIES Միջազգային

