Հարաւային Օսեթիան Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Պիտի Հաստատէ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Ժողովրդային Հանրապետութիւններուն Հետ

Լէոնիտ Թիպիլով

Լէոնիտ Թիպիլով

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Լէոնիտ Թիպիլով պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը ճանչցած է Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութիւններուն անկախութիւնը:

Ան ըսած է, որ Հարաւային Օսեթիոյ բնակչութիւնը անցած է Տոնպասի բնակչութեան նոյն ուղիէն: Այս պարագային իրենք պարզապէս չէին կրնար չսատարել տոնպասցիներուն, որոնք իրենց դիմած են անկախութիւնը ճանչնալու խնդրանքով:

Հարաւային Օսեթիոյ նախագահն ալ ըսած է, որ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան յստակ ցուցմունքներ տրուած են Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները ճանչնալու, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES