Նեթանիահու Իրանը Միացեալ Նահանգներու Եւ Անոնց Դաշնակիցներուն Թշնամին Անուանած Է

Պենիամին Նեթանիահու
«Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իրանը անուանած է Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն թշնամին:
Ամերիկացի գործընկերներուն ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձին մէջ Նեթանիահու զգուշացուած է Միացեալ Նահանգները Իրանի հետ Միջին Արեւելքի իրավիճակի կարգաւորման հարցին գծով համագործակցելէ: Ան յիշեցուցած է Արեւմուտքի յոյսերը այն մասին, որ Թեհրան աշխարհին պիտի օգնէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ:
«Չկայ աւելի ուժեղ բան, քան ճշմարտութիւնը: Իրանը խնդիր է եւ ոչ թէ լուծում», յայտարարած է Նեթանիահու:
Իսրայէլի վարչապետը նշած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ բանակցութիւնները մեծ սխալ են: «Խիստ պատժամիջոցներու սահմանումը աւելի ճիշդ որոշում պիտի ըլլար», եզրափակած է Նեթանիահու:
CATEGORIES Միջազգային

