ԵՐԱԶՆԵՐՈՒ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ (ՎՐԷԺ ՖՈՒՃՈՒՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Որքան ալ իրական, բայց մեզմէ գրեթէ ոչ ոք, Լիբանանէն մինչեւ Սէուտական Արաբիա եւ այլուր, հաւատաց, որ Վրէժը առ յաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ այս երկրային աշխարհէն: Գոյժը խորապէս ցնցեց մեզ. բաւական դժուար է հաշտուիլ իրականութեան մը հետ, որ լեղի ըլլալու բոլոր տրամադրութիւնները ունի իր մէջ արդարեւ:

Վրէժը մեռա՞ւ, իրա՞ւ է, հարցուցին բազմաթիւ մարդիկ, որոնք որեւէ ձեւով իմացան լուրը: Ու տակաւին պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք պիտի շարունակեն տալ այս հարցումը:

Յամառ աշխատանքի եւ տառապանքի ամբողջ պատմութիւն մը եղաւ Վրէժին կեանքը համակ: Դեռ մանուկ, հազիւ չորս տարու, երբ կը կորսնցնէ իր հայրը: Որբացած ընտանիքին անդամները` մայրը, եղբայրը եւ քոյրը,  հաւաքաբար կը ձեռնարկեն ընտանիքի պահպանման աշխատանքին հայու բարձր արժանապատուութեամբ, այլեւ` հայու բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուելով: Մանկապարտէզի առաջին թոթովանքներուն տակաւին, Վրէժը իր կարգին կը բերէ իր մասնակցութիւնը այս աշխատանքներուն, որոնց շնորհիւ է, որ կը յաճախէ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան: Համալսարանական ուսման համար նախ կ՛անցնի Հայկազեան քոլեճ (այժմ համալսարան), ապա սեփական բարձրագոյն քոլեճ մը, ուր կը մասնագիտանայ հաշուապահութեան մէջ:

* * *

Առաջին ակնարկով, հաւաքական կեանքի իր գործունէութիւնը կը սկսի մարզական բնագաւառի մէջ իր բոլորանուէր մասնակցութեամբ: Աշակերտական տարիներուն մաս կը կազմէ երկրորդական վարժարանի պասքեթպոլի խումբին: Այս քայլերը կը հասցնեն զինք դէպի ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի պասքեթպոլի խումբ, հուսկ` ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբ, որ տեղական մրցումներու կողքին կը շրջագայի կարգ մը գաղութներ:

Ամբողջական եւ տիպար մարզիկի մը բոլոր տուեալները ունէր Վրէժը իր մէջ: Պասքեթպոլի առընթեր, մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի խումբին: Իր մասնակցութիւնը կը բերէ բարձրութիւն եւ մէկ քայլ ոստում ցատկելու, հարիւր մեթր վազքի, ինչպէս նաեւ մարաթոնի վազքի խաղերուն: Իր անուան կը կապուին բազմաթիւ մրցանակներ: Աւելի ուշ կը սորվի թաէքուանտու եւ կը մարզէ կարգ մը շրջաններ` ռահվիրաներէն մէկը ըլլալով այս մարտարուեստի մեր շրջանակներուն մէջ տարածուելուն: Ու այս բոլորէն վեր` մարզիկ մը մնաց ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին` մարզական գեղեցիկ ոգի մը պտտցնելով իրեն հետ իր բոլոր աշխատանքներուն եւ յարաբերութիւններուն մէջ:

* * *

Մարզական գործունէութեան կողքին, Վրէժը ունեցաւ նաեւ ազգային-կազմակերպական-միութենական կեանք: Ասիկա ընտանեկան աւանդ մըն էր, որ կը շարունակուէր նաեւ իր կողմէ: Այս մարզին մէջ ալ, այլ արժէքներու կարգին, տան մթնոլորտը ունեցած է խոր անդրադարձներ իր ներաշխարհին վրայ: Հո՛ն է, որ կենդանի օրինակներով կազմաւորուած է ան իբրեւ կազմակերպական եւ գաղափարական մարդ: Հայրը եղած էր դաշնակցական պատանեկան միութիւններու վարիչ: Մայրը` տիկին Մարին եղած է ԼՕԽ-ական եւ ունեցած է վարչական բազմամեայ եւ արդիւնաշատ գործունէութիւն: Քոյրը` Քնարը նոյն մարզին մէջ վարած է աւելի բարձր վարչական պարտաւորութիւններ: Իսկ Սարգիս եղբայրը եղաւ առաջին նահատակներէն մէկը Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու ընթացքին` հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան ի խնդիր: Ու բոլորը, հանդերձ ընտանեօք, մինչեւ այսօր կը մնան առանց շեփորահարումի, իրենց համեստութեան եւ ծառայասիրութեան պատեանին մէջ քաշուած:

Վրէժը եղած է անդամ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու: 18 տարեկանին անցած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը: Մաս կազմած է ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան: Մեծապէս սատարած է ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութեան աշխատանքներուն` կազմակերպական կարգով: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիներուն իրեն կը վստահուի Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջաններու ապահովութեան գործը: Ծանօթ է, որ ոչ հայ տարրեր մնայուն կերպով կ՛աշխատէին ու կը ծրագրէին կողոպտել հայկական հաստատութիւններ, գործարաններ եւ գործատեղիներ: Վրէժը իրեն վստահուած գործը կը տանի շատ ձեռնհասօրէն` յարգանք եւ պատկառանք պարտադրելով տեղական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն վրայ:

Վրէժը դաշնակցական էր բառին աւանդական հասկացողութեամբ: Այդպէս ալ մնաց պատանեկան տարիքէն մինչեւ իր անժամանակ եւ յանկարծական մահը: Կը պատմեն, որ, դեռ մանուկ, երբ կը մահանայ իր հայրը, Վրէժը կ՛երթայ «Արաքս»ի վրայ գտնուող Եզեկիէլ Պայրագտարեանին խանութը, ուրկէ «Ազդակ» օրաթերթը կը գնէ, եւ կ՛ըսէ անոր. «Հայրս մեռաւ, բայց մենք պիտի շարունակենք թերթ գնել»: Իր տարիքէն  շատ աւելի հասուն արտայայտութիւն մը արդարեւ. կարծէք բնազդաբար կը գիտակցէր, որ «Ազդակ» օրաթերթ գնելը կուսակցական պարտաւորութիւն է: Կայ աւելին. պատանեկան տարիքը չթեւակոխած տակաւին, ամէն տարի, իր իսկ խնայած դրամով, Դաշնակցութեան օրացոյցը կը գնէր եւ կը տանէր տուն: Այս գիծը շեշտուած կերպով մնաց իր մէջ մինչեւ վերջ: Սէուտական Արաբիոյ մէջ, երբ տակաւին համաշխարհային տարողութեամբ հաղորդակցութեան եւ արհեստագիտական միջոցներ այսօրուան ծաւալը չէին ստացած, Վրէժը Ժետտայի օդակայանը պիտի երթար յաճախ, գործը մէկ կողմ ձգելով, լիբանանահայ ոեւէ պատահական ճամբորդէ մը «Ազդակ» օրաթերթը ձեռք ձգելու համար, որովհետեւ թղթատարական աշխատանքները շատ դժուարացած էին Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն պատճառով:

Դաշնակցական իրաւ կեցուածքի մարդն էր Վրէժը: Կատակի սահմաններուն մէջ ըսուած խօսքերն անգամ չէր ընդուներ ան` Դաշնակցութեան հասցէին ուղղուած եւ առհասարակ ազգային-կուսակցական հարցերու մէջ: Համակերպեցաւ ան արդիականութեան տրամադրութիւններուն, բայց մնաց կատարելապէս աւանդապահ Դաշնակցութեան նկատմամբ: Թէեւ կազմակերպական կեանքի մեծ գործեր չկային անապատին մէջ, բայց իրեն համար շատ լուրջ  եւ կարեւոր հարց էր շրջաբերական մը պտտցնելը տունէ տուն` ժողովի հրաւէրի մը համար: Իր էութեան մաս կը կազմէր Ռոստոմին մէկ հրաշալի խօսքը, ըստ որուն, մեծ ու փոքր գործեր չկան, այլ կան պատուաւոր եւ անպատիւ գործեր: Առօրեայ հեւքին եւ գործին զուգահեռ, Վրէժին համար Դաշնակցութեան ամէնէն փոքր գործն անգամ սրբազան պարտականութիւն էր, գաղափարապաշտութեան դատակնիք, համոզումի լաւագոյն արտայայտութիւն, ինչպէս նաեւ` բարոյական գործի հասկացողութեան մէջ արժեչափ չդնելու սքանչելի օրինակ: Ֆիզիքապէս Սէուտական Արաբիա կը գտնուէր Վրէժը, բայց իր ամբողջ մտասեւեռումը կը մնար Լիբանանի դաշնակցական կազմակերպութիւնը:

Արդարեւ,

Վրէժը բնազդով նաեւ դաշնակցական էր:

Հոսկէ` նաեւ անզիջող ըլլալու իր նկարագիրի գիծը բարոյական արժէքներու եւ կուսակցական աւանդութիւններու պահպանման մէջ: Չափազանց գաղտնապահ էր Վրէժը: Կը պատահէր, որ ներքին կազմակերպական հարցեր կը հրապարակուէին որեւէ ձեւով եւ մարդիկ տեղեակ կ՛ըլլային անոնց մասին, Վրէժը այս պարագաներուն իսկ չէր արտայայտուեր եւ անտեղեակ կը ձեւանար` մտածկոտ երեւոյթ մը տալով ինքզինքին: Գիտակից կարգապահութիւն մը կար իր մէջ` անանձնականութեան աւազանին մէջ թաթխուած: Առանց վիճակի դաշնակցական անկեղծ զինուոր մըն էր Վրէժը:

Վրէժը Սէուտական Արաբիա մնաց 32 տարի, իրողութիւն մը, որ լաւագոյն արտայայտութիւնն է իր աշխատասիրութեան: Տնօրէնը եղաւ ընդհանուր ապահովագրական ընկերութեան մը առողջապահական բաժինին: Շատ աշխատեցաւ: Ճակտի քրտինքով շահեցաւ իր դրամը: Ամբողջութեամբ հալալ վաստակ եւ ոչ մէկ հարամ դահեկան: Մղեց, որ իր շրջապատն ալ իրեն պէս աշխատի:

* * *

Վրէժը ընտանեկան բոյն կազմեց Մարօ Արմէնեանին հետ, 1983-ի վերջաւորութեան: Ուրախութիւնը շատցաւ Սագոյին ծնունդով: Իր նահատակ եղբայրն էր, որ վերստին ծնունդ կ՛առնէր: Ուրախութիւնը մեծցաւ Հարոյին եւ Աբրոյին ծնունդով:

Աւանդականօրէն, հայ իրականութեան մէջ հայ հայրը աւելի աշխատած է տնտեսական ապահովութիւն տալ ընտանիքին, քան` զբաղիլ ներքին-ընտանեկան կեանքով կամ զաւակներու կրթամշակութային դաստիարակութեամբ: Վրէժը ոչ միայն աշխատեցաւ տնտեսական բարօրութիւն  տալ իր ընտանիքին, այլեւ էովին մասնակից եղաւ իր զաւակներու դաստիարակութեան:

Ամբողջական հայր էր Վրէժը: Բացառիկ գուրգուրանք ունէր իր զաւակներուն եւ կնոջ նկատմամբ: Գերագոյն  նպատակն էր առողջ դաստիարակութիւն տալ իր զաւակներուն, կրթել ու տեղ հասցնել զանոնք: Ոչինչ խնայեց ան իր նպատակի իրագործման համար: Ասիկա եղած էր իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը: Իր զաւակներուն իսկ վկայութեամբ, Վրէժը լաւագոյն ընկերն էր իրենց:

Այսօրուան արհեստագիտական ընկերութեան մէջ, զարգացած երկիրներու մէջ յատկապէս, հետզհետէ քայքայումի կ՛ենթարկուի ընտանիք հասկացողութիւնը, տեսակ-տեսակ «ընտանիքներ» կը կազմուին: Զարգացող եւ թերաճ երկիրներու մէջ ալ: Մեր մօտ ալ: Կը քանդուի գրեթէ ամէն սրբութիւն: Տակաւ առ տակաւ կը տկարանայ հայ ընտանիքը, որուն անմիջականօրէն – է՜ր երբեմն – կապուած էր «ընտանեկան սրբութիւն» բացատրութիւնը: Անկում կը կրեն հայ ամուսիններու բարոյական չափանիշները: Կարճ. հետզհետէ կը տկարանայ հօր դերակատարութիւնը` իբրեւ ընտանիքի ղեկավարի:

Ընտանիքի քայքայման եւ փլուզումի այս տրամադրութիւնները որեւէ ձեւով չեն պատշաճիր Վրէժին եւ անոր ընտանիքին պարագային: Ընդհակառակը, Վրէժը այլ ուղղութեամբ կ՛ընթանար: Իրեն համար ընտանեկան սրբութիւնը գերիվեր էր բոլոր նկատառումներէն: Գիտէր ղեկավարել իր ընտանիքը` ամբողջականօրէն բարոյական արժէքներէ մեկնելով: Անոր համար ապրում էր զաւակներուն տագնապները մտիկ ընել եւ խորհուրդ տալ յաղթահարելու զանոնք` հարազատ մտերմութեան մէջ: Այս առումով շատ մեծ կորուստ է Վրէժին մահը:

Հայկական ընտանիքի, աւանդական ընտանիքի ջերմ պաշտպան մը եղաւ Վրէժը: Այն օրերուն, երբ միայն ֆիզիքապէս հեռու ըլլար ան իր ընտանեկան պարագաներէն, ամէն օր պէտք էր որ կապուէր անոնց, խօսէր անոնց հետ, ուրախանար յաջողութիւններով, թելադրանքներ կատարէր: Իբրեւ զաւակ, ամուսին, հայր եւ եղբայր` ոչինչ զլացաւ ան իր մօր, կնոջ, զաւակներուն եւ քրոջ:

Անձնասէր չեղաւ երբեք Վրէժը:
Եղաւ հայրութեան մարմնացումը:
Իր մահո՛վ ալ:
Մեռաւ հայրերու ամսուան մէջ, յունիս:
Թաղուեցաւ հայրերու օրը, 21 յունիս:

* * *

Ու կան կեանքի խաղերը: Ի՞նչ կը փնտռէ մարդ այս կեանքին մէջ:

Անապատին մէջ եւ արեւին տակ աշխատած այս մարդը, որ բազում տարիներ ենթարկուած է հոգելլկումի եւ մտալլկումի, հանգիստ ու վայելք ալ կ՛ուզէր: Երազներ ունէր իրականացնելիք: Երբ վերջերս Լիբանան կը գտնուէր, Պուրճ Համուտի իր տան փողոցներէն մէկուն անկիւնադարձին պատահմամբ հանդիպեցանք  իրարու: Այլ բաներու կարգին, ան ըսաւ ինծի.

– Եկող տարի Սէուտական Արաբիա պիտի չերթամ ա՛լ: Ասիկա վերջին տարիս է: Լիբանան պիտի վերադառնամ: Ընտանիքիս հետ պիտի ըլլամ եւ կեանքը պիտի վայելեմ:

Կեանքի հեգնանք, որուն դառն ճակատագիր անունը կու տան ոմանք:

* * *

Մուսալեռցիի հարազատ զաւակ` Վրէժը ուզեց, որ Այնճարը հայրենիք մը ըլլայ իրեն համար: Ուզեց ստեղծել աւանդական տուն մը, ուր միատեղ ապրէին կինը, զաւակները, մայրը եւ քոյրը: Այդ ծրագրի իրականացման ճամբուն վրայ խնձորի պարտէզ մըն ալ գնեց: Հիւանդանոց մտնելէ առաջ այցելութիւն մը տուաւ Այնճարի տան եւ պարտէզին: Մանուկի մը պէս հրճուեցաւ խնձորի կոկոններուն դիմաց եւ որոշեց առաջին բերքը չծախել, այլ` բաժնել շուրջիններուն: Խորքին մէջ ի՛նք եղաւ խնձորենի մը, պտղատու ծառ մը: Դուք տեսա՞ծ էք պտղատու ծառ մը, որ պտուղ կու տայ ինքն իրեն համար:

Մնացեալը`

Կեանքի պատմութիւն մըն է Վրէժ Ֆուճուրեանի երազներու կործանման:

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES