Արթիւր Ժորժ. «Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականը Այժմ Աւելի Զօրաւոր Դարձած Է»

1112_arthur-jorje17 տարի առաջ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը վարած Արթիւր Ժորժ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, անդրադառնալով Փորթուգալ – Հայաստան մրցումին (Եուրօ-2016), ըսաւ.

«Հակառակ անոր որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը միշտ ելոյթ կ՛ունենայ ոչ այնքան յայտնի ֆութպոլիստներով, բայց եւ այնպէս դժուար է անոնց դէմ մրցիլը: Ներկայիս Հայաստան աւելի զօրաւոր է, քան ինչ որ էր անցեալին, իմ օրերուս, երբ ճակատեցանք անոր դէմ: Կու գամ ըսելու, որ միայն եթէ լաւ ներկայացում ցուցադրենք Հայաստանի դէմ կրնանք դրական արդիւնք արձանագրել»:

Share this Article
CATEGORIES