Փորթուգալ – Հայաստան. Եուրօ-2016 Ցարդ Վաճառուած Է 25 Հազար Տոմս

est_dio_algarve«Ռեքորտ» պարբերաթերթին համաձայն, ուրբաթ, 14 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Փորթուգալ – Հայաստան մրցումին (Եուրօ-2016) տոմսերուն 25 հազարը վաճառուած է եւ մնացած միայն 5 հազար տոմս:

Ֆարու եւ Լուլէ քաղաքներուն սահմանին մօտ գտնուող «Ալքարվէ» մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել 30,305 հանդիսատես: Սակայն, անվտանգութեան ապահովման պահանջներէն մեկնելով, թրիպիւններուն կողմի բաժինին տոմսերը ընդհանրապէս չեն վաճառուիր:

Նշենք, որ այս դաշտին համակիրներ հիւրընկալելու մրցանիշը հաստատուած է 14 օգոստոս 2013-ին, երբ Փորթուգալ – Հոլանտա մրցումին ներկայ գտնուած է 29,021 հանդիսատես:

Share this Article
CATEGORIES