Դաւիթ Ազին. «Հետաքրքրական Պիտի Ըլլայ Մխիթարեան – Ռոնալտօ Ճակատումը»
Փորթուգալ – Հայաստան մրցումին նախօրեակին (Եուրօ-2016) փորթուգալեան «Մայիսֆութպոլ» պարբերաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած է Փորթուգալի 2-րդ դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Իւնիար ակումբին մաս կազմող հայ ֆութպոլիստ Դաւիթ Ազինի հետ:
Փիւնիկի նախկին ֆութպոլիստը նշած է, որ «հաշուի առնելով Սերպիոյ հաւաքականին դէմ վերջին հանդիպումը, երբ Հայաստանէն կը բացակայէին շարք մը ֆութպոլիստներ, յոյս ունիմ, որ անոնց վերադարձը դրական արդիւնքի կը հասցնէ Հայաստանի ազգային խումբին»:
«Հայաստանի հաւաքականին մէջ ամէն ինչ կառուցուած է Հենրիխ Մխիթարեանի շուրջ, որ հայ ազգին համար ունի այն կարեւորութիւնը, ինչ որ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ունի փորթուգալցիներուն համար: Հայաստանի մէջ գիտեն, որ Փորթուգալի մէջ շատ լաւ ֆութպոլիստներ կան, բայց Ռոնալտոն եզակի է` Մխիթարեանի նման: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ անոնց երկուքին իրարու դէմ ճակատումը», ըսած է ան:

