Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բնական է, որ ամէն ինչ վարդագոյն չըլլայ սիրոյ մէջ, հետեւաբար պէտք է համբերատար ըլլալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անցեալի վէրքերը դիւրութեամբ չեն սպիանար, պէտք է զանոնք շրջանցել հերթաբար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր դիւանագէտի կեցուածքը կը նշանակէ որ հակառակ էք եղածին: Ուրեմն իրաւունք ունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը ձախող է գործի եւ նիւթականի համար: Կեդրոնացէք անոնց վրայ, որոնք ձեզի բարիք կ՛ընեն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պէտք է համոզէք ձեր շուրջինները, որ դուք ճիշդ մարդն էք առաքելութիւն մը կատարելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուշադրութիւն ըրէք ուրիշներու արտայայտուելու պահուն, որ կը վերաբերի ձեր պատասխանատուութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տրամադրութիւն չունիք հիմա` ուրախ օր մը տօնելու: Ներկայիս հանգստացէք որուն պէտք ունիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կը կասկածիք ձեր ասպարէզին ընտրութեան համար: Շատ ուշ է նահանջելու համար: Մտածեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յաջողութեամբ պիտի դիմաւորէք ձեր ապագան, որ նոր հորիզոններ պիտի բանայ ձեր դիմաց:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վախը կ՛անդամալուծէ յաջողելու ձեր բախտը: Մի՛ մտահոգուիք եւ մի՛ յուսահատիք: Վաղը նոր օր մը կը բացուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ մէկը ձեր վրայ յարձակի պաշտպանուեցէք` առանց կրակին վրայ իւղ թափելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կիրակին հանգստանալու օրն է, պիտի օգտուիք այս առիթէն` հանգստանալով եւ ուրախանալով:

