50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1964)
Խմբագրական
Դառն Հաստատում Մը
Ամէն անգամ որ ազգութիւններու վերաբերեալ վէճ մը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ պետական քաղաքականութիւն մը, կը տեսնենք որ խորհրդային դիւանագիտութիւնը կը նաւարկէ երկդիմութեան ջուրերուն մէջ:
Այս հաստատումը կը կատարէր վերջերս լիբանանցի խմբագիր մը` Ռընէ Աժիուրի «Լ՛Օրիան»-ի մէջ, իբրեւ օրինակ յիշելով երեք վէճեր, որոնք սերտ կապ ունին Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական կեանքին հետ եւ կը թունաւորեն մթնոլորտը` ծանրագոյն հետեւանքներով. Թուրքեւյոյն վէճը` Կիպրոսի տագնապին առթիւ, քիւրտեւարաբ վէճը եւ արաբեւիսրայէլեան վէճը:
Որքա՛ն ճիշդ էր նոյն լրագրողին ախտաճանաչումը, երբ այս երկդիմութեան արմատները կը փնտռէր այն երկուութեան մէջ, որուն դրոշմը կը կրէ խորհրդային դիւանագիտութիւնը, գաղափարական եւ դիւանագիտական հիմունքներու խոր ու յաճախ հակոտնեայ տուեալներով:
Իբրեւ գաղափարական հիմունք` Քրեմլին ժողովուրդներու ազգային ազատագրութեան ախոյեանի հովեր կ՛առնէ, բայց իբրեւ պետութիւն, մեծ տէրութեան մը իր հաշիւներով, տուրք կու տայ նկատումներու եւ շահերու, որոնք նոյնն են դարերէ ի վեր, ցարերու օրերէն սկսեալ մինչեւ խորհրդային վարչակարգ:
Առ այժմ մեզի համար հետաքրքրականը այս հիմնական հաստատումէն առնելիք մեր բաժինն է` ի հաշիւ հայ ժողովուրդին ու անոր հայրենիքին, որոնք աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր կը վայելեն խորհրդայնացման «բարիքները»:
Երբ մէկ կողմէ Կարմիր բանակը 1920-ին իբրեւ թէ ազատարա՜ր հարաւ կ՛իջնէր` Հայաստանի խոհրդայնացումը պարտադրելով անդին, լենինեան Ռուսիան կը սիրաբանէր քեմալական Թուրքիոյ հետ Սեւրի դաշնագրին գործադրութիւնը ձախողեցնելով: Ռուսիոյ պետական շահերը կը պահանջէին, որ Անգարայի մէջ ռուսերու բարեկամ վարչակարգ մը հաստատուի, հոգ չէ թէ այսպէսով փոքր ժողովուրդի մը արդար իրաւունքները կ՛ոտնակոխուէին:
Այդ թուականէն սկսեալ Մոսկուա Թուրքիան սիրաշահելու նոյն քաղաքականութիւնը վարեց մինչեւ Բ. Աշխարհամարտ, երբ Ինէօնիւի Թուրքիան յստակ կերպով Գերմանիոյ յաղթանակը կը ցանկար եւ ակնդէտ կը սպասէր Կովկասի գրաւման` Գերմանիոյ կողքին պատերազմի մտնելու համար:
1945-էն ետք հովերը այլ ուղղութիւն առին: Քաջալերուած արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի մէջ արձանագրած յաջողութիւններէն` Ստալին Փոցտամի ժողովին յստակօրէն դրաւ նեղուցներու եւ հողային պահանջներու խնդիրը, թէեւ պարզ կերպով ի յայտ կու գար, թէ այդ պահանջներուն հիմքը կը կազմէր Լենինի հին երազը` Անգարայի մէջ տեսնել խորհրդայնասէր վարչակարգ մը:
Երբ այս փորձերը ձախողեցան, Մոսկուա հինգ տարի ետք կատարեց նահանջ մը եւ ճնշումի քաղաքականութեան փոխարէն` որդեգրեց սիրաշահումի քաղաքականութիւնը, երբ արտաքին գործոց նախարար Վիշինսքիի բերնով յայտարարեց, թէ Խորհրդային Միութիւնը (որուն մաս կը կազմէ մեր հայրենիքը) հողային որեւէ պահանջ չունի Թուրքիայէն:
Անգարա արձանագրեց այս հաւաստիքը, բայց համապատասխան ընթացքը ցոյց չտուաւ Մոսկուայի հանդէպ, Տնտեսական ահաւոր տագնապներու մատնուած` իր միակ ապաւէնը կը նկատէր Միացեալ Նահանգները, որուն միլիոնաւոր տոլարները կը թափուէին թրքական հալոցին մէջ` առանց սակայն բուժելու հիւանդը:
Անգարա Կիպրոսի առթիւ ստեղծուած տագնապը յարմարագոյն առիթը նկատեց, որպէսզի Խորհրդայիններու տուած այդ հաւաստիքը պարզ արձանագրութենէ մը անդին անցընելով շօշափելի քայլեր առնէ հիւսիսի ուղղութեամբ, փորձելով հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել իր միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիրքաւորման մէջ:
Թրքական այս փորձին գործնական արդիւնքն է թուրքեւխորհրդային այն զեկոյցը, որ Կիպրոսի առթիւ անգամ մը եւս տալէ ետք վկայութիւնը խորհրդային դիւանագիտութեան երկդիմութեան
երկու երկիրներու յարաբերութեանց մարզին մէջ կը կատարէ հաստատումներ, որոնց մէջ դժուար չէ գնել ուրացման նոր փաստ մը` հայութեան եւ մեր հայրենիքի հաշուոյն, երբ յստակօրէն կ՛ըսուի` թէ երկու երկիրները կը յարգեն իրարու հողային ամբողջականութիւնը: Այլ խօսքով, Մոսկուա անգամ մը եւս կը վստահեցնէ պաշտօնապէս, որ հողային որեւէ պահանջ չունի Թուրքիայէն եւ այդ իմաստով իրեն եղած դիմումները շատ-շատ կրնան գործածուիլ Թուրքիան կակուղցնելու համար…
Այսպէս եղած է միշտ ռուսական քաղաքականութիւնը` թէ ցարերու օրով եւ թէ՛ համայնավարներու: Ձեւերը կրնան փոխուած ըլլալ, բայց խորքը կը մնայ նոյնը:
Մասնաւորապէս Խորհրդային ժամանակաշրջանը վերցնելով` նկատելի է ակնբախ անիրաւութիւն մը, երբ տեւապէս Մոսկուա շեշտը կը դնէ սահմաններու խնդիր չունենալուն վրայ, մինչ 1920-ի Սեւրի դաշնագրի հիմունքներով, Խորհրդային Ռուսիան Սեւ ծովու եզերքէն մինչեւ Փոքր Արարատի անկիւնը սահմանակից չէ Թուրքիոյ: Սահմանակից եղողը Հայաստանն է: Արդ, հողային այս պահանջներու հաշուոյն, մենք կը տեսնենք, որ Խորհրդային Միութիւնը, ինչ-ինչ հաշիւներով, հարցը կը չարաշահէ` առանց նկատի ունենալու անիրաւուած ազգի մը տեւական եւ հրամայական պահանջը, որ ահա քառասուն տարիներէ ի վեր միջազգային քաղաքական խղճին վրայ կը ծանրանայ:

