Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները. Հարցազրոյց Նազարէթ Եւ Պետիկ Սապունճեաններուն Հետ

Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Նազարէթ Սապունճեան

Նազարէթ Սապունճեան

Պետիկ Սապունճեան

Պետիկ Սապունճեան

«ԱԶԴԱԿ».- Ե՞րբ հիմնուած է «Ճորճի Սապունճեան» հաստատութիւնը եւ ո՞վ հիմնած է:

ՆԱԶԱՐԷԹ ԵՒ ՊԵՏԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆՆԵՐ.- Մեր հաստատութիւնը հիմնուած է 1969-ին, մենք հիմնած ենք զայն եւ իրբեւ յարգանք մեր հօր` հաստատութեան անունը դրած ենք «Ճորճի Սապունճեան»:

«Ա.».- Ի՞նչ կը վաճառէք հաստատութեան մէջ:

Ն. Պ. Ս.- Մենք սկիզբը սկսանք վաճառել ոսկեղէնի տուփեր` շատ համեստ պայմաններու մէջ: Ժալ էլ Տիպի մէջ մեր տան կողքին, մէկ սենեակի մէջ: Կամաց-կամաց մեծցաւ մեր աշխատանքը: Ներկայ կառոյցը 5-րդ վայրն է, ուր փոխադրուած ենք: Տարիներու ընթացքին սկսանք ընդլայնել մեր գործը: Մետինէ Սինայիէի մէջ հինգ յարկանի շէնք մը ունէինք, որուն տարածութիւնը 3500 քառ. մեթր էր, եւ զգացինք, որ պէտք է մեծնանք աւելի եւ Հալաթի շրջանին մէջ հող մը գնեցինք, 15,000 քառ. մեթր, վրան շէնք մը շինեցինք 12,000 քառ. մեթր տարածութեամբ, իւրաքանչիւր յարկ` 2000 քառ.  մեթր եւ ունինք շէնքի յարակից հողը` 10,000 քառ. մեթր է, ուստի կրնանք մեր կառոյցը աւելի մեծցնել:

Ինչպէս ըսինք, նախնական շրջանին ոսկեղէններու տուփերով սկսանք, սակայն ներկայիս գործը ընդարձակած ենք եւ կը պատրաստենք ամէն ինչ, որ ոսկերիչները պէտք ունին, ինչպէս` տոպրակ, ապրանքի ցուցադրութիւն խանութի մէջ, ցուցափեղկ, ամբողջ խանութը կը յարդարենք: Այլ խօսքով, պարապ տարածքը կը վերածենք խանութի` ամէն տեսակ կահաւորումով: Նաեւ այն ոսկերիչները, որոնք ցուցահանդէսի պիտի մասնակցին, կը դիմեն մեզի եւ յատուկ տաղաւարներ կը շինենք, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տարածութիւնը 6×6 մեթր կամ 25×6 մեթր է: Ասոր կողքին, կը կազմակերպենք ցուցահանդէսներ եւ կը հրաւիրենք ոսկերիչներ` մասնակցելու այս ցուցահանդէսներուն:

«Ա.».- Դուք անձնապէս մասնակցա՞ծ էք ցուցահանդէսներու:

Ն. Պ. Ս.- Այո՛, առաջին անգամ Տուպայ գացինք, յետոյ Պահրէյն, ապա` Զուիցերիա: Ժամանակներ եղան, տարեկան աւելի քան 15 ցուցահանդէսի մասնակցեցանք: Սակայն ներկայիս աւելի հազուադէպ մեր մասնակցութիւնը կը բերենք ցուցահանդէսներուն: Հոս կ՛ուզեմ ըսել, որ արդէն այդ մեր մասնակցութիւններէն մենք միջազգային ճանաչում ստացանք: Ներկայիս մենք այլ ոսկերիչներու ցուցահանդէսի մասնակցելու կարելիութիւնները կը դիւրացնենք, այն իմաստով, որ մենք կը ստեղծենք կապը անոնց ու ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն միջեւ եւ կը պատրաստենք ոսկիի տեղադրման տաղաւարը: Անշուշտ այս ցուցահանդէսները տեղի կ՛ունենան արաբական երկիրներու, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ վայրերու մէջ: Մենք կը շինենք տաղաւարը, կը փոխադրենք ցուցահանդէսին վայրը, կը կազմենք զայն, ապա կը քակենք, եւ այսպիսով կը դիւրացնենք յաճախորդին աշխատանքը:

«Ա.».- Յիշեալ աշխատանքին ե՞րբ նախաձեռնեցիք:

Ն. Պ. Ս.- Տասնեակ տարիներէ ի վեր մենք այս ասպարէզին մէջն ենք, սակայն կրնանք ըսել, որ մօտ 10 տարիէ ի վեր սկսած ենք նաեւ զբաղիլ խանութ, տուն, պանդոկ, ճաշարան, գրասենեակ յարդարելով: Բացատրելու համար ըսենք, որ մեզի կը յանձնեն գրասենեակ մը` պարապ, եւ մենք զայն կը կահաւորենք, ներքին յարդարանքը կ՛ընենք: Ձեւագծումի մեծ գրասենեակ ունինք, ուր 3 Տի. ձեւաչափով կը գծուի յարդարման պատկերը ապա կ՛իրագործուի:

businessmen_Bouchakji«Ա.».- Լիբանանի մէջ քանի՞ մասնաճիւղ ունիք: Իսկ այլ երկիրներու մէջ ունի՞ք մասնաճիւղեր:

Ն. Պ. Ս.- Մենք Լիբանանի մէջ վաճառող երկու կեդրոն ունինք. մէկը` Անթիլիաս, միւսը` Պուրճ Համուտ: 12 տարիէ ի վեր Տուպայի մէջ ունինք մասնաճիւղ մը: Դամասկոսի մէջ ունէինք մասնաճիւղ մը, որ ներկայիս երկրի պայմաններու բերումով չի գործեր: Այլ մասնաճիւղ մը ունէինք Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ 5 տարիէ ի վեր չի գործեր, դարձեա՛լ երկրի տնտեսական կացութեան պատճառով:

Ներկայ հաստատութիւնը Հալաթի մէջ 6 յարկ է, 1 յարկը լման ներկի յատկացուցած ենք, 2 յարկ տաղաւարներու յատկացուցած ենք, 2 յարկը` ոսկեղէնի տուփերու, իսկ 1 յարկն ալ յատկացուած է կաղապար շինելու, որ ամէնէն կատարելագործուած արհեստանոցն է:

businessmen_TAD1«Ա.».- Լիբանանի տնտեսութեան մէջ ո՞ւր է ձեր տեղը:

Ն. Պ. Ս.- Լիբանանի տնտեսութեան մէջ նման տեղ ունենալը դժուար բան է: Մենք Միջին Արեւելքի մէջ որպէս այս գործի վարպետները` ամէնէն մեծ հաստատութիւնը ունինք` տուփերու, յարակից արտադրութիւններու եւ այս գործին մէջ մենք միջազգային ճանաչում ունինք: Մենք մեր ճիւղին մէջ համաշխարհային համբաւ կը վայելենք:

«Ա.».- Ձեր հաստատութեան հիմնադրութենէն մինչեւ օրս ի՞նչ յաջողութիւններ ձեռք ձգած էք: Ի՞նչ կրնաք ըսել անոնց մասին: Ինչպէ՞ս կրցաք յաջողիլ ձեր ասպարէզին մէջ:

Ն. Պ. Ս.- Մենք զերոյէն սկսած ենք եւ հասած ենք ներկայ դիրքին: Հանգրուանային ձեւով մեծցանք, ուռճացանք, եւ այս բոլորը զոհողութեամբ, աշխատանքով կ՛ըլլան, ժամանակ տրամադրելով, վազվզելով, եւ այդ բոլորը մենք տուինք եւ հասանք հոն, ուր որ պէտք էր հասնէինք:

businessmen_TAD3«Ա.».- Ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեցիք եւ այդ բոլորը ինչպէ՞ս կրցաք յաղթահարել:

Ն. Պ. Ս.- Առաջին դժուարութիւնը 1975-1976 թուականներուն եղաւ, երբ ապրանք ղրկեցինք դուրսի երկիրներ, չկրցանք անոնց փոխարժէքը գանձել եւ կրկին զերոյէն սկսանք 1977-ին: Ասոր կողքին, պատերազմին մենք բնաւ չձգեցինք Լիբանանը եւ ամէնէն գէշ պատերազմի օրերուն իսկ աշխատեցանք: Մեր հաստատութիւնը` Մատինէ Սինայիէի մէջ երեք անգամ ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ: Լիբանանի տնտեսութեան հետ մենք ալ վերիվայրումներ ունեցանք:

businessmen_Yessayan-(2)«Ա.».- Ապագայ ծրագիրներու մասին կրնա՞ք խօսիլ:

Ն. Պ. Ս.- Մենք սկզբունք դարձուցինք, որ ի՛նչ աշխատանք որ կը տանինք, հասցնենք գագաթնակէտին: Կը կարծեմ, թէ հասած ենք հոն, եւ ալ ասկէ աւելի բարձրացում չ՛ըլլար տուփի գործին մէջ, սակայն ներքին յարդարանքի գործը շատ լայն ասպարէզ մըն է, եւ մեր աշխատանքը հոն պիտի կեդրոնացնենք: Կը մտածենք արաբական երկիրներու մէջ ունենալ կեդրոն մը, որ հոն շինենք ամէն բան, նաեւ յարդարանքի ապրանքները, որովհետեւ երբ հոս կը շինենք ատոնց փոխադրութիւնն ալ շատ դժուար կ՛ըլլայ եւ 3-4 անգամով կ՛ուղարկենք օդանաւով: Ցուցահանդէսներու պարագային, պէտք է ճիշդ ժամանակին հասցնենք, այլապէս երկու կողմով մեծ վնասներու կրնանք ենթարկուիլ:

businessmen_Yessayan«Ա.».- Իբրեւ Լիբանանի տնտեսական ընկերակցութիւններու անդամ` ի՞նչ ունիք ըսելք մեր ընթերցողներուն:

ՆԱԶԱՐԷԹ Ս.- 22 տարիէ ես Ճարտարարուեստի միութեան անդամ եմ եւ գանձապահն եմ: Անդամ եմ նաեւ այլ ընկերակցութիւններու: 10 տարի առաջ հիմնեցինք Լիբանանահայ գործարարներու միութիւնը եւ սկսանք աշխատանքի: Օրին Արամ Ա. վեհափառ հօր քաջալերանքով հաստատուեցաւ այս միութիւնը, սակայն բաւական աշխատանքներ տանելէ ետք, դժբախտաբար, չկրցանք իրականացնել այն ընդունելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար վեհարանին մէջ` վեհափառ հօր նախագահութեամբ: Միութիւնը բաւական աշխատանքներ տարաւ այս 10 տարուան ընթացքին եւ պետական ճանաչում ստացաւ: Ներկայիս որոշուեցաւ, որ վերակենդանանայ միութիւնը, որ նպատակներ ունի: Գլխաւոր նպատակն է իմանալ, թէ ի՛նչ կը պատահի գործարար աշխարհին մէջ: Եթէ գիտնաս, թէ տնտեսութեան մէջ ի՞նչ կը պատահի, այն ատեն ամուր հիմերու վրայ կրնաս դնել գործդ: Ես 13 միութիւններու անդամ եմ, որոնցմէ մէկ մասին նախագահն եմ, միւսին գանձապահն եմ, այլ միութիւններու վարչութեան անդամ եմ, այս բոլորին կողքին, գերմանական-լիբանանեան, ամերիկեան-լիբանանեան ռուսական-լիբանանեան, սուրիական-լիբանանեան առեւտուրի պալատներու անդամ եմ: Հետեւաբար, ինչպէս ըսի, Լիբանանահայ գործարարներու միութեան վերակենդանացման նպատակը այն է, որ Լիբանանի գործարարները տեղեակ ըլլան բոլոր անցուդարձերէն: Միութեան կանոնագիրին մէջ գրուած էր, որ միութեան վարչութիւնը կը կազմուի տնտեսական կազմակերպութիւններու վարչութիւններու հայ անդամներէն: Միութիւնը զանազան աշխատանքներ տարաւ, Լիբանան-Հայաստան գործարարներու համաժողով կազմակերպեցինք Լիբանանի եւ Հայաստանի  մէջ: Սակայն, դժբախտաբար, չկրցանք շարունակել, որովհետեւ նոյն ժամանակ Հայաստանի վարչապետը, խորհրդարանի նախագահը սպաննուեցան: Միութեան երկրորդ նպատակը այն է, որ ինչ որ իմացանք, ընդհանուրին տարածենք: Երրորդ` իրարու զօրավիգ կանգնիլ: Հայ երիտասարդները իրենց ունեցած գիտելիքներով կարենան պետական մակարդակով արհեստներու տիրանալ:  Լիբանանի մէջ կան միջազգային տնտեսական կազմակերպութիւններ, որոնք օգտակար կ՛ըլլան այն անձին, որ իր մտքի հորիզոնը կ՛ուզէ ընդլայնել այդ երկիրներու նկատմամբ, նաեւ` այդ միջոցով հասկնալ եւ գիտնալ, թէ ի՛նչ կը պատահի այդ երկիրներու մէջ: Այսպիսով երկրի անցուդարձին տեղեակ կ՛ըլլանք եւ այդ երկիրներու առեւտրական հաստատութիւններու մէջ հայ վարչական անդամներ կ՛ունենանք: Այդ միջազգային կազմակերպութիւնները օգտակար կրնան ըլլալ մեզի` երբեմն նիւթականով, երբեմն իրենց ունեցած ծրագիրներով, որոնք ձրիաբար կը տրամադրեն:

businessmen_Mahmood-pearls-(1)Մօտ օրէն Լիբանանահայ գործարարներու միութեան ընդունելութիւնը պիտի կազմակերպենք եւ անդամահաւաք պիտի ընենք: Եթէ 40-50 տարի ետ երթանք, պիտի տեսնենք, որ հայերը Լիբանանի տնտեսութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են, եւ ամէն բանի մէջ հայկական դրոշմ կայ: Ասոր կողքին, ունինք Հայ ոսկերիչներու միութիւն, որ 15 տարիէ հիմնուած է, եւ ներկայիս աշխարհի բոլոր հայ ոսկերիչները կը համախմբենք: Ըստ մեր տուեալներուն, աշխարհի ոսկերչութեան 15 տոկոսը հայ է եւ 10 հազարէ աւելի ոսկերիչ կայ: Այս միութեան նպատակն է աշխարհի վրայ հայ ոսկերիչները իրարու ծանօթացնել, որպէսզի իրարու հետ գործակցին եւ ոսկերչական արհեստն ու արուեստը ծառայեցնեն ի նպաստ Հայաստանի, որպէսզի տնտեսութիւնը աճի եւ հզօրանայ:

businessmen_Nsouli-(1)Հայ գործարարներու միջազգային միութիւնը ունինք, որ հիմնուած է Հայաստանի մէջ եւ կը վայելէ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին զօրակցութիւնը: Վարչութիւնը կը բաղկանայ 15 անդամներէ: Այս միութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ գործող հայ գործարարներու համախմբումն է:

businessmen_Nsouli

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )