Ազրպէյճանի Քարիւղի Եկամուտները 47,8 Առ Հարիւր Նուազած Են
«Արմէնփրէս», յղում կատարելով «Ազերնիուզ» լրատու կայքին` կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի քարիւղի պետական հիմնադրամի այս տարուան յունուար-սեպտեմբեր ամիսներու տուեալներով, եկամուտները 47.8 առ հարիւր նուազած են նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:
Կը նշուի, որ այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն քարիւղի հիմնադրամի միջոցներու կառավարումէն ստացուած եկամուտը կազմած է 162.3 միլիոն մանաթ, երբ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այս գումարը 311.2 միլիոն մանաթ էր:
Նշենք, որ ազրպէյճանական մէկ մանաթը 1.27 տոլար կ՛արժէ:
«Հաքքին» կայքին համաձայն, Ազրպէյճանի քարիւղի պետական «Սոքար» ընկերութեան փոխնախագահ Էլշատ Նասիրով խոստովանած է, որ Ազրպէյճանի եկամուտներուն 90 առ հարիւրը կը գոյանայ ուժանիւթի արտածումէն, եւ երկրի տնտեսական աճը պայմանաւորուած է քարիւղի եւ կազի հանքերու շահագործումէն: