Ազրպէյճան Պիտի Ընդլայնէ Ազրպէյճանական Սփիւռքի Կեդրոններու Ցանցը

1114Azerbaijan-tsants«Ազերնիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան կը ծրագրէ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ ազրպէյճանական սփիւռքի համակարգման կեդրոններ բանալ:

Համակարգման կեդրոնները, որոնք Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ կը բացուին ազրպէյճանական կողմի աջակցութեամբ, գործելու պիտի սկսին նոյեմբերի վերջ-դեկտեմբերի սկիզբը:

Այս հարցը քննարկուած է սփիւռքի հետ աշխատանքի ազրպէյճանական պետական յանձնախումբի ղեկավար Նարիման Կուրպանովի ղեկավարութեամբ պատուիրակութեան եւ Թրքախօս պետութիւններու համակարգման խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ռամիլ Հասանովի միջեւ, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ նշեալ կեդրոնները առաւել եւս պիտի ամրապնդեն միջազգային բեմի վրայ թրքախօս երկիրներու սփիւռքներու դիրքը եւ պիտի ընդլայնեն անոնց բնակած երկիրներուն մէջ անոնց ազդեցութիւնը:

Հանդիպումը նաեւ անդրադարձած է 2015-ին «երեւակայածին ցեղասպանութեան» 100-ամեակի նշման հայկական քարոզչութեան դէմ պայքարելու միացեալ քայլերը ամրապնդելու հարցերուն:

Ատոր կողքին, վերոնշեալ երկիրներուն, ներառեալ Թրքախօս պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն մէջ սփիւռքի համակարգումի կեդրոններ բանալու աշխատանքը արագացնելու շուրջ կարծիքներ փոխանակուած են:Քննարկուած հարցերը նաեւ կը վերաբերէին Թրքախօս պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն միջեւ ուսանողներու փոխանակման: Մօտիկ ապագային Ազրպէյճան եւ Թուրքիա այս մարզին մէջ աշխատանքներու պիտի սկսին:

Ազրպէյճանական սփիւռքը ներկայ է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ներառեալ` Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Իրանի, Իրաքի, Վրաստանի, Ղազախստանի, Ուզպեքիստանի, Թուրքմենիստանի, Խըրխըզիստանի, Պիելոռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Արժանթինի, Պրազիլի, Մեքսիքոյի, Հոնտուրասի, Կուաթեմալայի, Փերուի, Պանկլատեշի, Հնդկաստանի, Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Յորդանանի, Ինտոնեզիոյ, Եմէնի, Չինաստանի, Օմանի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Ալճերիոյ, Սուտանի, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան, Աւստրալիոյ, Լաթվիոյ, Էսթոնիոյ, Լիթուանիոյ, Լեհաստանի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Նորվեկիոյ, Դանիոյ, Շուէտի, Հունգարիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Աւստրիոյ, Ալպանիոյ, Ֆինլանտայի, Փորթուգալի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Սլովաքիոյ եւ Չեխական Հանրապետութեան մէջ:

30 երկիրներու մէջ գործող շուրջ 150 պետական, ազգային եւ մշակութային ազրպէյճանական ընկերակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ գոյութիւն ունին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )