Չաւուշօղլու Եւրոպական Երկիրներու Մէջ ՔԱԿ-ին Հասած «Ուժեղ Հարուած» Մը Յայտարարեց

Մեւլութ Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Անջատողական Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կազմակերպութեան գործունէութեան ուժեղ եւ կարեւոր հարուած մը հասաւ Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի, Դանիոյ, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մէջ, երբ արգիլուեցաւ կազմակերպութեան անդամներուն ապահովագրումը, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ ահաբեկչական կազմակերպութեան ֆինանսաւորման աշխատանքները դադրեցուեցան»:
Չաւուշօղլու յայտնեց, որ եւրոպական շարք մը երկիրներ ՔԱԿ-ը ներառած են ահաբեկչական կազմակերպութեանց իրենց ցանկին վրայ: Ան նշեց. «Կազմակերպութիւնը կը շահագործէ եւ կը խախտէ ժողովրդավար երկիրներու մէջ իրաւունքներն ու ազատութիւնները եւ այդ ծածկին տակ կը գործէ»: Ըստ անոր, ՔԱԿ-ի եկամուտները գլխաւորաբար կը գոյանան թմրեցուցիչներու վաճառքէն, մարդոց ապօրինի գաղթէն եւ զէնքի ուժով Եւրոպայի մէջ քաղաքացիներէ կատարուած դրամահաւաքէն:
«Եւրոպական պետութիւնները կազմակերպութեան բոլոր գործունէութեանց մասին ընդարձակ զեկուցում մը պատրաստեցին եւ սկսան Եւրոպայի մէջ անջատողական կազմակերպութեան գործունէութիւնը արգիլել», ըսաւ Չաւուշօղլու:

