«Պատասխանեցինք Օպամայի Նամակին, Որ Իր Տեսակին Մէջ Առաջինը Չէ» Ըսաւ Շամխանի

Ալի Շամխանի

Ալի Շամխանի

Իրանի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանի «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրան պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին ուղղուած նամակին` նշելով, որ այդ նամակը իր տեսակին մէջ առաջինը չէ:

Ան նշեց, որ այդ նամակը Իրանի ներքին կացութեան վրայ ազդելու առիթ չի փնտռեր եւ ըստ իրենց պատասխանին կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել:

Ինչ կը վերաբերի շրջանի երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց, Շամխանի ըսաւ. «Արաբական երկիրներէ ստացայ նամակներ, որոնց մէջ կ՛ըսեն, որ իրենք Իրանի հետ մերձեցում կ՛ուզեն եւ իրենց քաղաքականութիւնը սխալ էր»: Ան այդ երկիրներուն անունները չթուեց, սակայն նշեց, որ պատասխանած է. «Ճիշդ է, որ ուշացաք, սակայն ձեր խօսքերը լաւ են: Դանդաղ մի՛ ըլլաք, չնչին հարցերու վրայ կանգ մի՛ առնէք, շրջանը կը փոխուի»:

Ան խօսքը շրջանի երկիրներուն ուղղելով ըսաւ. «Պէտք է միասին նստինք, առանց փաղաքշանքի երկխօսութիւն կատարենք ու ըսենք այն սխալները, որոնք գործուեցան, եւ զանոնք շրջանցենք»:

Շամխանի ըսաւ, որ Իրանն է, որ Պաղտատի եւ Էրպիլի անկումին արգելք հանդիսացած է: «Ժողովուրդներու կամքին հակառակ աշխատողներուն համար յառաջընթացի տեղ չմնաց, ուստի Սանաան, Պէյրութը, Դամասկոսը եւ Պաղտատը նախորդէն տարբեր են, ընդգծեց ան»:

Շամխանի նաեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան մը գոյացման նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնեց:

 

Share this Article
CATEGORIES