Պաղտատի Սէուտական Արաբիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Համակիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Վարչակարգին Դէմ Զինեալ Ըմբոստութեան Ձեռնարկելու

Ապու Պաքր Պաղտատի

Ապու Պաքր Պաղտատի

ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի երէկ ձայնագրուած ուղերձի մը մէջ յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ տարածուած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, Եմէնի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ Ալճերիոյ մէջ:

Ան Սէուտական Արաբիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի համակիրներուն կոչ ուղղեց տեղւոյն վարչակարգին դէմ ըմբոստանալու եւ զէնք բարձրացնելու:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնեց. «Ասատ ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալու ջանքին մէկ մասն է` Սուրիոյ ապագան ճշդող փոխանցման կառավարութեան մը միջոցով»:

Ան նշեց. «Ասատը փոխելը ժիհատական խմբաւորումները տկարացնելու երաշխիք մը չէ»:

Share this Article
CATEGORIES