Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ բնական է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան թեկնածու ըլլայ` նկատի ունենալով իր ժողովրդականութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու վարած քաղաքականութիւնը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Եգիպտոսին` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իմաստով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ տիւրզի համայնքին եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ կապերը վերջ գտնեն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով պետական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան տակաւին կարելի չէ սկսիլ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ անհաւանական նկատեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ իրենց պայքարը Արքուպի շրջան փոխադրելը: Ան ընդգծեց, որ Արքուպի եւ ընդհանրապէս Պեքաայի մէջ բանակը իր դիրքերը ամրապնդած է եւ ապահովական արտակարգ միջոցառումներ որդեգրած:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժեր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլա լաւատես է եւ Մուսթաքպալ հոսանքէն դրական պատասխան մը կ՛ակնկալէ` երկխօսութեան սկսելու համար:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները միացնող հասարակ յայտարարները շատ աւելի ծանր կը կշռեն, քան անոնց միջեւ տարակարծութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն մը կատարելու առաջարկը տակաւին քննարկումի հանգրուանին մէջ կը գտնուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` Հըզպալլայի եւ Հարիրիի միջեւ երկխօսութիւնը իրականութիւն դարձնելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ խստիւ մերժելի է այն իրականութիւնը, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պատրուակով Պեքաայի կարգ մը գիւղերուն մէջ Հըզպալլայի կողմէ զէնք եւ զինամթերք կը բաժնուի քաղաքացիներուն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ զգուշացուց Արսալէն աւելի լուրջ հարցերէ, որոնք կրնան ծագիլ Պեքաայի շրջանին մէջ եւ արեւելեան լեռնաշղթային մօտակայքը:

