Զօր. Քահուաժի Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հրամանատարը

1113_kahwaji_portolano

Զօրավարներ Փորթոլանօ եւ Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնն ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

Բանակի հրամանատարին այցելեց նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակչութիւնը փաստած է, որ ինք բանակը հիւրընկալող միջավայր է, կը զօրակցի պետութեան եւ կը հաւատայ չափաւորականութեան:

Զօր. Քահուաժի բարձր գնահատեց բնակիչներուն կողմէ բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած բացառիկ գործակցութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք Թրիփոլիի մէջ տապալեցան ահաբեկչական կազմակերպութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES