Համախմբումի Երեսփոխանները Սահմանադրական Խորհուրդին Մօտ Բողոքարկեցին Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխանները

Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխանները

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը երէկ ուղղուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդ` բողոքարկելու համար խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

Պատուիրակութեան անունով համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ բողոքի պահանջը կը կրէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան 10 երեսփոխաններու ստորագրութիւնը:

Քանաան յայտնեց, որ ժողովրդավարութիւն կը նշանակէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, ինչպէս նաեւ իշխանութեան հերթափոխութիւն ապահովել:

Ան ըսաւ, որ աշխարհի վրայ որեւէ սահմանադրութիւն չի կրնար ներառել այն կէտը, որ երեսփոխան մը ինքն իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգէ:

«Մենք այսօր Սահմանադրական խորհուրդ կ՛այցելենք հաւատալով պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն եւ պետութեան կառուցման, հակառակ անոր որ որոշումը արդէն իսկ տրուած է: Այսօրուան մեր քայլը ձեւական չէ, այլ լուրջ եւ պատմական քայլ մը, որ առիթ կու տայ սահմանադրական իշխանութեան իր կարգին պատմական որոշումներ տալու», ըսաւ ան:

Քանաան կոչ ուղղեց Սահմանադրական խորհուրդին, որ Լիբանանի մէջ պետութեան եւ ժողովրդավարութեան տրամաբանութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն արժանապատուութեան համար յեղաշրջում կատարէ:

Քանաան յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյման շեշտած է, որ խորհուրդը նիստ մը գումարելու համար օրինաթիւի հարցեր պիտի չունենայ:

Քանաան շեշտեց, որ ինք տեղեակ չէ, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը պահանջած է երեսփոխաններուն հրաժարականը, «սակայն անկախ այն իրականութենէն, որ Ռայի պատրիարքը պահանջած է նման բան կամ ոչ, եթէ հրաժարելով կարելի է Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել, ապա մենք պատրաստ ենք», ըսաւ Քանաան:

Նշենք, որ այս քայլը կատարուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման լուրը պետական պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսնելէն 48 ժամ ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES