Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հանրապետութեան Միւֆթին, Դեսպան Հէյլը Եւ Բանակի Հրամանատարը

Ռայի պատրիարքը եւ միւֆթի Տըրիան
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, որ նշեց, թէ խորհրդարանը արդէն իսկ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած է, սակայն երեսփոխաններուն պարտականութիւնն է ուղղուիլ խորհրդարան եւ ընտրել հանրապետութեան նախագահը:
Հանրապետութեան միւֆթին շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանի նախագահական աթոռը աւելի երկար ժամանակի համար թափուր պահել, որովհետեւ առանց հանրապետութեան նախագահի, Լիբանան կրնայ տարբեր վտանգներու ենթարկուիլ:
«Պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահը, որպէսզի կեանքը վերադառնայ սահմանադրական հաստատութիւններուն, իսկ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է մասնակցին երկխօսութեան եւ համախոհութիւն գոյացնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը դուրս բերել այս փորձանքէն», ըսաւ միւֆթի Տըրիան:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ քննարկուած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին կացութիւնը:
Հէյլ նշեց, որ Ուաշինկթըն Լիբանանի խորհրդարանէն կը պահանջէ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել` ըստ լիբանանեան սահմանադրութեան, եւ կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու նոր թուական մը ճշդելու:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Ռայի պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր:

