ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ ԾԱԽՈՂՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՎԵՑ ԱՄԻՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՎՃԻՌ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ
Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ շուտով գործադրութեան պիտի դրուի երկրին խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած օրէնքը, որ աւելի քան վեց ամսուան բանտարկութեան վճիռ պիտի արձակէ այն անձերուն դէմ, որոնք մրցումներ կը ծախեն կամ կը փորձեն կաշառք ստանալով անոնց արդիւնքները փոխել:
Ատկէ բացի, բանտարկութեան վճիռ ստացող անձը նաեւ շուրջ 11 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի պիտի ենթարկուի:
Նշենք, որ պալքանեան այս երկրին մէջ մրցում մը ծախելու առաջին արարքը փաստուեցաւ 1949-ին, երբ Լեւսքի Սոֆիա եւ Աքատեմիք իրարու հետ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով պատճառ դարձան, որ Սոֆիայի Բանակայինները փոխադրուին Բ. դասակարգ:
CATEGORIES Մարզական