ՍԿՈՎՏԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Ռէյնճըրզ – Հարթց բացման մրցումով այսօր` շաբաթ, 23 յուլիսին կը սկսի Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը: Անոր կը յաջորդեն երկու այլ մրցումներ, մինչ վաղը եւս տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Ա. հանգրուանը կ՛աւարտի երկուշաբթի օր:
Ստորեւ կու տանք Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Ռէյնճըրզ – Հարթց 14:30
Ապըրտին – Սենթ Ճոնսթըն 17:00
Մատըրուել – Ինվըրնըս 17:00
ՎԱՂԸ
Հիպերնիըն – Սելթիք 14:30
Տանտի Եունայթըտ – Քիլմառնոք 17:00
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Տանֆըրմլայն – Սենթ Միրըն 21:45
CATEGORIES Մարզական