Պորտիւժա. «Ուղղաթիռի Դէպքը Վտանգաւոր Եւ Սադրիչ Է»

1113Bordyuza«Ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ 12 նոյեմբերին ազրպէյճանական կողմը ոչնչացուցած է վարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռ: Ուղղաթիռի անձնակազմը զոհուած է: Այդ վտանգաւոր միջադէպը կը սադրէ շրջանին մէջ  իրադրութեան հետագայ լարում եւ կը խորացնէ մեր մտահոգութիւնը»,  երէկ յայտարարած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր  քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա:

«2014 թուականի ընթացքին ազրպէյճանական եւ ղարաբաղեան ուժերու սահմանագիծին, ինչպէս նաեւ հայ – ազրպէյճանական սահմանին վրայ  գործնականին մէջ միշտ տեղի ունեցած են  զինեալ միջադէպեր: Միայն ամառնային երեք ամիսներուն զինադադարը խախտուած է շուրջ 1500 անգամ: Կրակ արձակուած է բնակավայրերու եւ խաղաղ բնակիչներու ուղղութեամբ: Տեղի  ունեցած են հետախուզական խումբերու կողմէ զինադադարի գիծը անցնելու փաստեր եւ բռնութիւններ, որոնց պատճառով խաղաղ բնակիչներ զոհուած են»,  ըսուած է Կազմակերպութեան կայքին միջոցով հրապարակուած մեկնաբանութեան մէջ:

«Մենք ականատես դարձանք զինադադարի նոր խախտման: Ուղղաթիռի ոչնչացումը բռնութեան վտանգաւոր դրսեւորում է: Ծագած է տագնապի ահագնացման նոր հանգրուանի վտանգ: Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ աւելի եւ աւելի կը սրի»,  նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Խորապէս համոզուած ենք իրադրութեան սպառնալից զարգացում թոյլ չտալու անհրաժեշտութեան: Գլխաւորը, որ կրնայ կանխել իրադարձութիւններու նման շրջադարձը, հրաժարումն է ուժի կիրարկումէն, զինադադարի մասին համաձայնութիւններու անվերապահ պահպանումն է եւ սադրիչ գործողութիւններ թոյլ չտալը: Կարեւոր է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հոլովոյթի շարունակութիւնը»,  յայտարարած է Պորտիւժա:

Share this Article
CATEGORIES