Իշխանեան. «Այս Դէպքին Համարժէք Պատասխանը Պիտի Չուշանայ»

Tavit-IshkhanianՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական օդուժի ‹‹Մի-24›› ուղղաթիռը հարուածելու համար պատասխանատու են թէ՛ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, թէ՛ ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը:

‹‹Այս ապակայունութիւնը Ազրպէյճանը կը ստեղծէ իր քաղաքական շահերուն համար, սակայն որքան Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանատու են տուեալ իրավիճակին համար, այնքան ալ պատասխանատու են միջազգային կառոյցները, մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, որ երբեք համարժէք գնահատական չտուաւ Ազրպէյճանի սանձարձակութիւններուն եւ համապատասխան քայլերու չձեռնարկեց նման իրավիճակներէ խուսափելու համար››, նշեց Դաւիթ Իշխանեան:

Ան շեշտեց, որ հայկական կողմը սահմանի խախտում չէ կատարած, որուն համար արդէն բազմաթիւ փաստեր կան: Ազրպէյճանական կողմը հիմք չէ ունեցած հայկական օդուժին պատկանող ուղղաթիռը հարուածելու:

‹‹Ազրպէյճան միշտ կը փորձէ ապակայունացնող միջոցներով իրավիճակը լարել, որուն ականատես եղանք այս տարուան օգոստոսին, սակայն հայկական կողմը համարժէք պատասխան տուաւ: Այս դէպքին ալ, կը կարծեմ, համարժէք պատասխանը պիտի չուշանայ եւ ինչպէս արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է` հետեւանքները ազրպէյճանական կողմին համար շատ ցաւալի պիտի ըլլան››, ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

 

Share this Article
CATEGORIES