Զրոյց Վահագն Յովնանեանի Հետ («Վահագնի Թաղամաս», Երեւան). Բնակուած Հայրենիքի Կառուցում
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ազգային գաղափարախօսութիւնը կը ներշնչուի պատմութենէն եւ կ’ունենայ ապագայի տեսիլք` զանազան արտայայտութիւններով եւ վերլուծումներով, լաւ հնչող բառերով, որոնք կը կաղապարուին ժամանակակից հարուստ եւ արդիական բառապաշարով: Երբ հայերէն բառերը չբաւեն, կոչ կ’ըլլայ տարբեր լեզուներու, կարծէք` աւելի տպաւորելու համար: Ծափի եւ քուէի որսորդութիւն: Բայց երբ թուղթը վերցնենք սեղանին վրայէն կամ համակարգիչը փակենք, սրահի բեմին լոյսերը մարենք, բան չի մնար մեր ափին մէջ:
Այս մտածումը կ’ունենամ, ամէն անգամ որ կ’երթամ Երեւանի ոչ հեռաւոր փէշերուն գտնուող Վահագնի թաղամասը, որ Երեւան չէ, դասական Հայաստան ալ չէ: Չեմ բաղդատեր Պրազիլի Պրազիլիա մայրաքաղաքին հետ, որ ոչինչէն ստեղծուած էր, հին քաղաքի մը կամ մոռցուած գիւղի մը ընդարձակումը չէր: Հարուստ երկիր մը, նոյնիսկ եթէ բնակչութիւնը աղքատ էր, կառուցած էր իր մայրաքաղաքը:
«Վահագնի թաղամաս»-ը պետական ծրագիր իրականացնող քաղաք մը չէ:
Հոն մէկ ամսուան կեցութեանս ընթացքին, եւ ապա` քանի մը այցելութիւններու, երբ մարգագետիններով եզերուած տուներու առջեւէն կ’անցնիմ, կ’երթամ մինչեւ հոն, ուրկէ Արարատը կը խօսի, կը խորհիմ, թէ ինչ որ կը տեսնեմ, տուն եւ տուներ չեն, այլ բաներ են: Եթէ հայրենի պետութիւնը այդ տարածութեան վրայ քաղաքաշինութեան ձեռնարկած ըլլար, պիտի չզարմանայի, այդ պարտականութիւն է: Բայց ամէն անգամ որ հոն կ’այցելեմ, կը մտածեմ, որ կը գտնուիմ իր անունը այդպէս չըսող ազգային գաղափարախօսութեան նիւթականացած իրականութեան առջեւ:
Որպէսզի երկիրը ըլլայ Հայաստան եւ հայաբնակ, քաղաք կը կառուցուի:
Բառերու խրախճանք չկայ:
Ազգային դաստիարակութիւն տալու համար հայերուն, տեղացիներուն եւ արձակուրդային զբօսաշրջիկներուն, նաեւ` երիտասարդներուն, թանգարաններու եւ տեսարժան վայրերու շարքին հոս ալ այցելութիւններ պէտք է կազմակերպել` ցոյց տալու համար, որ ինչպէ՛ս կեանքի կարելի է կոչել ազգային գաղափարախօսութիւնը, որպէսզի ազգը եւ հայրենիքը ապրին:
Թէեւ միշտ կը խորհիմ, որ այս ովասիսը մասնաւորներու համար է, երբ երկրի բնակչութեան ստուար մեծամասնութիւնը զրկուած է ժամանակակից յառաջդիմութեան բարիքներէն:
Տարբեր Մարդ Մը
Եւ օր մըն ալ հեռախօսի գործիքը վերցուցի եւ ժամադրութիւն խնդրեցի Վահագն Յովնանեանէն, որպէսզի զրուցենք գործնական եւ ապագայակերտ ազգային գաղափարախօսութեան մասին:
Շատ մը հայերու պատմութեան կը նմանի Վահագն Յովնանեանին կեանքը, հիմնական տարբերութեամբ մը. ան հասկցած է, որ քոչւորի լարած վրանը վերջնական կայք չէր կրնար ըլլալ, պէտք չէ ըլլայ:
Մեր բազմագոյն ղեկավարութիւնները այս պարզ «գաղափարախօսութիւն»-ը իրենք չհասկցան եւ չյաջողեցան ներշնչել ոչ իրենք իրենց եւ ո՛չ ալ իրենց ղեկավարած «համայնքներուն»: Եթէ այդ ըրած ըլլային զանգուածային աղէտ-արտագաղթ տեղի չէր ունենար եւ տեղի կ’ունենար զանգուածային հայրենադարձութիւն:
1932-ին քարտեսի վրայ եղած հեռաւոր Քերքուք իրաքեան քաղաքին մէջ ծնած է այս հայը, որ հոն յաճախած է «Թարգմանչաց» հայկական վարժարանը, եկեղեցիին հետ նուիրուած իր հօր` Ստեփանին կողմէ (անոնք նախապէս վարձու շէնքեր եղած են): Վահագն Յովնանեան կը պատմէ.
– Քերքուկէն գացի Պաղտատ, ուր այդ օրերուն կ’ապրէին շուրջ քառասուն հազար հայեր: Անոնք կը խօսէին տարօրինակ լեզու մը, որ հայերէն էր եւ հայերէն չէր: Հոն աշակերտեցի ամերիկեան Յիսուսեաններու (ժեզուիթներ) վարժարանը, աւարտեցի 1952-ին եւ նոյն տարին գաղթեցինք Ամերիկա, ուր կը գտնուէին երկու եղբայրներս: Հայրս մեզի ըսած էր` «ամերիկահայ մը գտէք եւ ամուսնացէք»: Հետեւեցայ համալսարանական ուսման, մասնագիտացայ բնագիտութեան մէջ (Solids Physics), նախ մնացի Ֆիլատելֆիա, համալսարանը հոն էր, ապա փոխադրուեցայ Նիու Ճըրզի: Եղբայրներուս հետ ձեռնարկեցինք շինարարութեան, ինչ որ արդէն կ’ընէր հայրս: Ամուսնացայ հայկական աւանդութիւն ունեցող հայուհիի մը հետ եւ ունեցանք մանչ մը եւ աղջիկ մը, Շանթ եւ Նինա:
Դժուար եւ միաժամանակ անսահման կարելիութիւններով Միացեալ Նահանգներու մէջ յաջողած Վահագն Յովնանեանը ե՞րբ եւ մանաւանդ ինչո՞ւ մտածած է ՎԵՐԱԴԱՐՁ-ի մասին, երբ ուրիշներ, նոյնիսկ «Հայաստան»-ը բարձրաձայն սիրելով հանդերձ, չեն մտածեր հրաժարիլ եւրոպական կամ ամերիկեան մեծ կամ պզտիկ դրախտներէն, բարեսիրութիւն կ’ընեն կամ ճառ կը խօսին, կը մնան հեռուն, կը գոհանան զբօսաշրջութեամբ, կամ կը մասնակցին եսեր շոյող «կարեւոր» ժողովներու:
Վահագն Յովնանեան կը պատմէ մօտաւոր անցեալի մասին.
– 1960-ականներուն, երբ Խրուշչեւ իշխանութեան գլուխ էր, Հայաստան այցելութեան եկայ, տեսայ երկրին շինարարական անբաղձալի կացութիւնը եւ զզուանք զգացի: Առաջին անգամ այն ատեն է, որ մտածեցի Հայաստան գալու եւ հաստատուելու մասին: Ծանօթութիւններ հաստատեցի, ուրիշներու ալ թելադրեցի Հայաստան այցելել: Որոշած էի Հայաստան գալ: Երկրաշարժէն ետք Հայաստան գալու եւ հոս գործելու որոշումս ամրացաւ եւ ժամանակը հասած համարեցի երազս իրականացնելու: Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ Հայաստանի անկախացման անորոշութեան տարիներն էին: Լեւոն Տէր Պետրոսեան ըսաւ, որ դեռ ժամանակը չէր Հայաստանի մէջ մեծ նախաձեռնութիւններ ունենալու: Երբ Ռոպերթ Քոչարեան նախագահ դարձաւ, տեսակցութեան մը ընթացքին հարց տուաւ, թէ` «ե՞րբ կրնայի սկսիլ» ծրագրիս իրականացման: Պատասխանեցի` «հիմա՛»: Քոչարեան կանչեց ճարտարապետ Համլեթ Խաչատրեանը եւ թելադրեց, որ ինծի ընկերանայ եւ զիս տանի` ո՛ւր որ կ’ուզէի երթալ, եւ ծրագրիս իրականացման համար հողամասեր ցոյց տայ: Երկու հողամասեր ցոյց տուաւ, չխանդավառուեցայ, ըսի, որ քշէ դէպի Աշտարակ: Ճամբու ընթացքին դիմացս գտայ տպաւորիչ ընդարձակ հողամաս մը: Համլեթ Խաչատրեանը բացատրեց, որ այդ տարածութիւնը Երեւանի աղբանոցն է: Բայց դիմացը Արարատ եւ Մասիս կային, եւ ըսի, որ ամէն հայ կ’ուզէ անոնց դէմ ըլլալ: Ան հարցուց, թէ որքա՛ն տարածութեան պէտք ունէի: Ըսի` 100-200 հեկտար, քանի որ բնակարաններու կողքին պէտք էր ստեղծել մարզական տարածութիւններ, «կոլֆ»-ի դաշտ, լողաւազան եւ այլ կառոյցներ: Բացատրեցի, որ տարածութիւնը եւ բնակարանները գրաւիչ պէտք էր որ ըլլային, խանդավառէին ամերիկացի թոշակառուները:
– Պարո՛ն Յովնանեան, այդ տարածութիւնը ձեր ակնկալութեան կը համապատասխանէ՞ր: Քանի՞ ընտանիք եւ քանի՞ հոգի կ’ուզէիք հոն բնակեցնել:
Վահագն Յովնանեան շարունակեց.
– Հողամասին տարածութիւնը 163 հեկտար էր, երազ մը: Գնեցի, ամէն տարի շարունակեցի մաս մը գնել եւ ընդարձակել: Հողամասը բնակելի դարձնելու համար շրջանի բնակիչներուն համար գործ ստեղծեցի, երբ կրնայի փոխադրութեան եւ մաքրութեան համար մեծ մեքենաներ գործածել: Նախատեսած էի 3000 ընտանիքի համար թաղամաս մը կառուցել: Ծրագրի իրականացումը եւ բնակարանններու կառւցումը կը շարունակուին: Այժմ արդէն հոս կը բնակին 300 ընտանիքներ, շուրջ` 1200 հոգի:
– Իսկ պետութիւնը եւ քաղաքապետարանը ընդառաջ գացի՞ն ծրագրին:
– Շինարարութեան իրաւունքի ստացումը երեք տարի տեւեց: Նոր եւ չբնակուած տարածութիւն էր: Սկիզբը հետաքրքրութիւնը նուազ էր: Ծրագիրը նախատեսուած էր միջին դասակարգին համար, բայց մարդիկ աւելի հետաքրքրուած էին դիւրութեամբ, կը նախընտրէին քաղաքին մէջ բնակիլ: Երկարաշունչ աշխատանք էր: Հողաշերտերը բաժնուեցան: Հողաշերտը չծախուած` շինութիւն չէր սկսեր: Հետզհետէ միջին խաւը սկսաւ գալ եւ այդ կարեւոր էր: Նկատած էի, որ երկրին մէջ շինարարութիւնները ճիշդ չէին, ազգային եւ ապագայի գիտակցութեամբ չէին ընթանար: Պատասխանատուներուն ըսի, որ դուք քանդեցիք երկիրը: Ոմանք ըսին, որ քեզ կը խեղդենք, եթէ այսպէս խօսիս եւ կինս` Յասմիկը վախցաւ:
– «Վահագնի թաղամաս»-ը այժմ բնակուած է: Կ’ուզէի գիտնալ, որ հոն բնակողները, ամերիկացի թոշակառունե՞ր էին, թէ՞ տեղացիներ ալ եկած էին հոն հաստատուելու:
Վահագն Յովնանեան գոհունակութեամբ շարունակեց:
– Ինչպէս ըսի, այժմ 300 ընտանիքներ կան, 63 տոկոսը տեղացիներ են, 37-ը դուրսէն եկած են:
– Պարո՛ն Յովնանեան, 300 ընտանիքը արդէն համայնք է, իսկ ապագայի 3000 ընտանիքով արդէն թաղամասը քաղաք կ’ըլլայ: Ինչպէ՞ս լուծեցիք, օրինակ, ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարման, կոյուղիի հարցերը: Ինչպէ՞ս պիտի լուծէք կրթամշակութային եւ ընկերային հարցերը, նկատի ունենալով, որ անմիջական շրջապատին մէջ դպրոց, մշակութային կեդրոն եւ ընկերային ծառայութիւններ չկան:
– Ջուր, ելեկտրականութիւն, կոյուղի անմիջապէս իրենց լուծումը գտան: Մենք հաստատեցինք: Փողոցները եւ հանրային սպասարկութիւնները կը պատկանին ընկերութեան: Ինչ որ աղբանոց էր, մաքրուեցաւ, եւ այժմ, ինչպէս կը տեսնէք, հողամասը դարձած է գեղատեսիլ վայր մը: Ինչ կը վերաբերի կրթութեան եւ մշակոյթին, ըսեմ, որ արդէն դպրոցներու (յոգնակի, ինչպէս ինք ըսաւ), նախագիծը պատրաստ է: Օժանդակները տուներու տէրերն են, ինչ որ հասարակաց է, պիտի պատկանի տանտէրերու միութեան (կ’ըսէ` Home owners association) եւ ամէնքն ալ ուրախ են: Նախատեսուած են երկու դպրոցներ:
– Նման մեծ ծրագրի իրականացումը ամիսներու եւ քանի մը տարիներու խնդիր չէ: Ինչպէ՞ս պիտի երաշխաւորուի գործին որակաւոր շարունակութիւնը:
– Աղջիկս պիտի շարունակէ: Ան արդէն ընտանիք կազմած է եւ իր զաւակներով հոս կը բնակի: Իսկ գիտէք, ես շատ ուրախ եմ հոս, կինս` Յասմիկը եւս, շատ ուրախ է: Պէտք է ըսեմ նաեւ հետեւեալը, դուք եւ ուրիշներ քաջ որոշում պէտք է կայացնէք, վերադառնաք հոս, մասնակից ըլլաք հայրենիքի վերելքին:
Քոչուոր Չըլլալու Կոչ
Զրոյցը շարունակուեցաւ «Վահագնի» հանդիսասրահ-ճաշարանին մէջ, լողաւազանին դիմաց, մեզի միացան գործի շարունակութեան երաշխաւոր Նինան, իր ամուսինը` Արթուրը, Նինայի ու Արթուրի մատղաշ զաւակները, նաեւ` Նիւ Եորքէն հիւրեր, մտաւորական զոյգ մը` Արա եւ Արեւիկ Գաբրիէլեանները:
Լաւ է երբեմն յուսալքումներու սադայէլի շրջանակէն դուրս գալ եւ տեսնել, որ արեւ կայ, կանաչ մարգեր, լաւատեսութիւն ներշնչող հզօր պատկերներ:
Արգիլուած չէ երազել: Եթէ Վահագն Յովնանեանի օրինակը վարակիչ դառնայ, տարածուի Երեւանէն դուրս, Աբովեան եւ Գորիս, մինչեւ Մեղրի եւ Արցախ, հողէն դուրս գան նման որակաւոր նոր քաղաքներ, այն ատեն կը համոզուինք, որ Աստուածաշունչի եդեմը Արարատին կը նայի:
Ո՛չ բարեսիրութիւն, ո՛չ փոշի կաթ, ո՛չ ալ ամպագորգոռ խորհրդաժողով:
Նոր քաղաք մը կառուցուի:
Այս քաղաքը զբօսաշրջիկ զուարճացնող խաղատուն եւ հրավառութիւն չէ:
Նոր քաղաքը տոկալու եւ տեւելու կամք է:
Անձէն դուրս տարածուող նման նախաձեռնութիւն կը բազմապատկուի՞:
Պա՛րզ. ազգային իրա՛ւ գաղափարախօսութեան կոթող մը` 163 հեկտարի վրայ:
163×10.000=1.630.000 քառակուսի մեթր…16 քիլոմեթր շրջագիծ:
Եսէն դուրս` ազգակերտ գործնականացած երեւակայութիւն մը, որ աթոռ-աթոռակ, լիմուզին, ժաքուզի, դրամատան անհաշուելի տրցակով կանաչ թուղթ եւ իշխանատենչութիւն չէ:
Շարունակութիւն կ’ապահովուի եւ հզօրութիւն կը նուաճուի, եթէ «Վահագնի թաղամաս»-ը բացառութիւն չմնայ: Ան կրկնուի Հայաստանի տարբեր հեռու եւ մօտ քաղաքներուն մէջ: Այսինքն «Վահագնի թաղամաս»-ը ըլլայ առաջինը իր տեսակին մէջ, բայց` ոչ վերջինը: Այս կ’ըլլայ Վահագն Յովնանեանի իրաւ յաջողութիւնը:
Ինչո՞ւ միակ երազ իրականացնողը եւ քոչուորի կացութեան վերջ տուողը Վահագն Յովնանեանը պիտի ըլլայ:
Օգոստոս-սեպտեմբեր 2014,
«Վահագնի թաղամաս», Երեւան

