Յիշողութեան Մէջ Միշտ Պիտի Մնայ Իբրեւ Շէնշող Ու Կեանքով Լեցուն Տիպար
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
1995-ի ամառն էր: Տարուած էի հայագիտութիւն ուսանելու մարմաջով: Այդ մարմաջը ոտքերս ուղղեց դէպի Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկ: Բաւական ինքնավստահ էի, որ պիտի ընդունուիմ այդ հաստատութեան մէջ, թէեւ զինուած էի միայն հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթին հետ կապ չունեցող էլեքթրոնիքսի արհեստից պաքալորէայի կիսատ-պռատ վկայականով մը: Աւելի՛ն. երեք տարի շարունակ կտրուած էի հայկական գրեթէ ամէն ինչէ:
Մտերիմ ընկերոջ մը հետ բարձրացայ հիմնարկին ընդհանուր գործավարութեան աշխատասենեակը: Ներկայացուցի փաստաթուղթերս` վկայականս, որուն վրայ կար այն ժամանակ գոյութիւն ունեցող արհեստից եւ արուեստից ուսման նախարարութեան խորհրդանշական վաւերացումը միայն, լսատեսողական սարքերու վերաբերեալ գործնական ու տեսական նիւթերու եւ այլ դասական նիւթերու իմ նիշերս: Զգացի զարմանք մը փաստաթուղթերուն վրայ ուշադրութիւնը սեւեռած գործավարին նայուածքներուն մէջ: Պահ մը վախը սիրտս մտաւ, որ կրնամ չընդունուիլ, բայց ի պատիւ Հայագիտական հիմնարկի ղեկավարութեան եւ ի մասնաւորի գործավարին, այդ խեղճուկ արհեստից պաքալորէայի վկայականը նկատուեցաւ հաւասարազօր լիբանանեան Բ. պաքալորէայի վկայականին, եւ հայոց լեզուի ընդհանուր գիտելիքներու վերաբերեալ մուտքի քննութիւններէ ետք, ես դարձայ Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի ուսանող:
Ահաւասիկ առաջին առիթը, որուն ընթացքին շփում ունեցայ Հայագիտական հիմնարկի մայրը նկատուած Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանին հետ:
***
Երկաթեայ նկարագիրի տէր զօրաւոր կին մըն էր, որ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ Համազգայինի երբեմնի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի գործունէութեան մէջ:
Ես այս կինը ճանչցայ իբրեւ համախմբող, կազմակերպիչ, մտաւորական, բազմակողմանի զարգացման տէր անհատ, ինչպէս իր ընտանիքին գրեթէ բոլոր անդամները:
Բացի հաստատութեան ընդհանուր գործավարութեան ծանր աշխատանքը կատարելէն, ան նաեւ գործուն դերակատարն էր այդ հիմնարկի կրթական ծրագիրի իրագործման եւ շաբաթական քանի մը պահով «Ընդհանուր հոգեբանութեան» նիւթը կը դասախօսէր: Այդ դասանիւթին ընդմէջէն ան յաջողութեամբ կրնար ներթափանցել իւրաքանչիւր ուսանողի ներաշխարհին մէջ:
Գրեթէ մնայուն ներկայութիւն էր ուսանողութեան առօրեային մէջ: Կը հետաքրքրուէր իւրաքանչիւր ուսանողի հարցերով. ամէնէն փոքր հարցէն մինչեւ ամէնէն մեծը: Այս գուրգուրոտ, երբեմն զօրաւոր կերպով միջամտողի կեցուածքը մանաւանդ ցայտուն կը դառնար գիշերօթիկի բաժինի հարցերու լուծման պարագային: Մնայուն կերպով յանձնառու կ՛ըլլար, որ պահպանուի այդ բաժինին մէջ ապրողներուն անձնականութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ալ ուսանողներուն միջեւ պահպանուի համերաշխութեան մթնոլորտը:
Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ուսանողներս Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանի ընդմէջէն ծանօթացանք հայ կեանքի հարցերով տագնապող գաղափարական հայուհիին, սկզբունքի տէր կնոջ, որ իր տեսակէտը ունէր ազգային կեանքին առնչուող գրեթէ բոլոր հարցերուն մասին: Շատ յաճախ սուր կերպով կը քննադատէր ազգային կեանքին մէջ երեւցող յոռի երեւոյթները:
Տարիներու թաւալքին հետ Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ուսանողներս Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանի մէջ տեսանք ոչ միայն «Ընդհանուր հոգեբանութեան» դասախօսը կամ Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի գործավարը, այլեւ հայ ազգային, կուսակցական, միութենական եւ հասարակական կեանքի գործուն դերակատարը: Գիտցանք, որ որոշակի դերակատարութիւն ունեցած էր նաեւ Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպութեան հիմնադրութեան աշխատանքին մէջ:
***
Վերջին անգամ, երբ Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանը տեսայ, հանգուցեալ գրող, գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի յուղարկաւորութեան էր: Անկեղծ ըսեմ, առաջին հայեացքէն չճանչցայ իմ երբեմնի դասախօսս… դաժան հիւանդութիւնը արդէն սպառած էր զինք:
Ո՞ւր էր երբեմնի շէնշող, կենսուրախ, կեանքով լեցուն այդ կինը: Միայն աչքերուն մէջ մնացած էր փայլ մը, որ կը յիշեցնէր իր աշխուժ, նախաձեռնող անհատականութիւն մը ըլլալուն իրականութիւնը:
Մեր մտքերուն, յիշողութեան մէջ Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանը պիտի մնայ այդ շէնշող, կենսուրախ, կեանքով լեցուն կինը:
Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանը միշտ ու միշտ մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ երբեմն իր մայրական դիտողութիւններով, շատ յաճախ ալ իր գուրգուրոտ վերաբերմունքով` իւրաքանչիւր ուսանողիս նկատմամբ:
Թող այս մէկ-երկու խօսքը սեպուի իբրեւ խունկ ու մոմ` անոր անմար յիշատակին:

