Միքաթի Կ՛ողջունէ Թրիփոլիի Ապահովական Կայունութիւնը
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ողջունեց Թրիփոլիի մէջ հաստատուած ապահովական կայունութիւնը` աւելցնելով, որ ապահովութիւնը գլխաւոր ազդակն է շրջանին մէջ ներդրումներ կատարելու եւ երկրին տնտեսական որակը բարելաւելու:
Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ կայունութեան հաստատումէն ետք երկրորդ հանգրուանին ընթացքին կը սկսի շրջանը վերանորոգելու եւ հատուցումներ կատարելու ժամանակաշրջանը:
Ան դրուատեց անձնական նախաձեռնութիւնները եւ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան կառչած մնացած Թրիփոլիի նկատմամբ պետութիւնը նաեւ պէտք է իր պարտականութիւնները կատարէ եւ հատուցէ բոլոր տուժածներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

