Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Յորդանանի Մէջ Պիտի Ստանձնէ Վիճակագրական Վարժեցումի Եւ Հետազօտութեանց Արաբական Հիմնարկի Վարչութեան Նիստին Փոխնախագահութիւնը
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան երկուշաբթի, 17 նոյեմբեր 2014-ին պիտի մեկնի Յորդանան, ուր ան պիտի մասնակցի «Մարդկային բարօրութիւն» խորագիրը կրող յատուկ բանավիճային քննարկումի նիստի մը:
Հարկ է աւելցնել, որ դոկտ. Կիտանեան պիտի մասնակցի նաեւ 18 եւ 19 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Վիճակագրական վարժեցումի եւ հետազօտութեանց արաբական հիմնարկի վարչութեան 39-րդ նիստին` այդ վարչութեան անդամը ըլլալու իր հանգամանքով: Նիստին փոխնախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Լիբանանի Հանրապետութիւնը, ներկայացուած` դոկտ. Կիտանեանի անձով:
CATEGORIES Լիբանանեան

