ՋՈՒՐԻ ՎՐԱՅ ՉՄՇԿՈՒՄ. ՍԻԼՎԻՕ ՇԻՀԱ ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ

Սիլվիօ Շիհա

Ջուրի վրայ չմշկումի Կիպրոսի բաժակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Սիլվիօ Շիհա Լիբանանի համար ապահովեց ոսկի մետալ մը, երբ մեծ տղոց դասակարգին մէջ աւելի քան յիսուն մասնակցողներու մէջ հանդիսացաւ առաջին:

17 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ժորժ Ասուատ տիրացաւ պրոնզ մետալին, իսկ Լիբանանի համար վերջին պրոնզ մետալ ապահովողը հանդիսացաւ Նըմիր Մուզաննար` 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:

Նշենք, որ նախքան այս մրցաշարքին մասնակցիլը, Լիբանանի պատուիրակութիւնը Կիպրոսի մէջ տասը օրուան բանակում մը կատարած էր:

Share this Article
CATEGORIES