ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՍԻՈՅ 20-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ «ՑԱՐԴ 21 ԵՐԿԻՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԵԼԻՄ ՀԱԺ ՆԻՔՈԼԱ
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 12-18 սեպտեմբերին Ժամհուրի ակումբին մէջ Լիբանան պիտի հիւրընկալէ փինկ փոնկի Ասիոյ 21-րդ ախոյեանութիւնը:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Սելիմ Հաժ Նիքոլա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ցարդ 21 երկիրներ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են մասնակցելու այս մրցաշարքին:
Այդ 21 երկիրները կը գլխաւորէ Չինաստան, որ հարուստ է ախոյեաններով:
Այլ երկիրներու շարքին են` Ճափոն, Հարաւային Քորէա, Իրան, Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ ուրիշներ:
Նիքոլա աւելցուց ըսելով, որ կ՛ակնկալուի, որ այս ախոյեանութեան համար Լիբանան ժամանեն աւելի քան 400 երկսեռ մարզիկներ, 150 իրաւարարներ եւ 60 մարզիչներ:
Արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 11 օգոստոսը:
Նիքոլա աւելցուց ըսելով, որ մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Ատհամ Շարարայի, որուն հետ ինք վերջերս հանդիպում մը ունեցած էր:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ շուտով Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերու շուէտացի մարզիչը պիտի ժամանէ Լիբանան:


