ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՅՍՕՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
Օրուան մը հանգիստէ ետք, այսօր` շաբաթ, 23 յուլիսին կը վերսկսի ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ Հնդկաստան: Հայրենի կազմը ցարդ իր կատարած մրցումներուն արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն` հետեւեալ շարքով. Իսրայէլ` 3,5-0,5, Միացեալ Նահանգներ` 2-2, Ռուսիա` 2-2, Եգիպտոս` 3,5-0,5 եւ Չինաստան` 2,5-1,5:
Տեղին է նշել, որ ցարդ Հայաստան միակն ըլլալով անպարտելի է տասը հաւաքականներուն մէջ:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ռուսիա – Ուքրանիա
Իսրայէլ – Ազրպէյճան
Միացեալ Նահանգներ – Հունգարիա
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Հնդկաստան
Եգիպտոս – Չինաստան
CATEGORIES Մարզական