ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ. ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ԴԱՇՏ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԱՅԻՆ ՁԵՒՈՎ
Իր գումարած վերջին ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ մօտիկ ապագային համակիրներուն ֆութպոլի դաշտ վերադարձը պիտի սկսի հանգրուանային ձեւով` ընդառաջելէ ետք երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ գրուած նամակին:
Այս քայլին նախաձեռնելու եւ յատուկ նիստեր գումարելու աշխատանքը վստահուեցաւ Մուսա Մեքքէի:
Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնը համաձայն գտնուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երեք օրուան համար բանակում մը կատարէ Թրիփոլիի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

