ԱՐՄԷՆ ԴԵՐՄԵՆՋԵԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երէկ` ուրբաթ, 22 յուլիսի երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի գեղանկարիչ Արմէն Դերմենջեանի անհատական ցուցահանդէսը:
Գեղանկարներուն մէջ յատուկ կերպով ներկայութիւն էր կինը` տարբեր անկիւններէ դիտուած, տարբեր ու վառ գոյներով:
Ա. Դերմենջեանի պաստառներէն իւրայատուկ գոյներու միախառնում մը կը հրամցուի արուեստասէրին, որ իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնէ տարբեր աշխարհ, զգացումներ եւ միջավայր:
Նշենք, որ Արմէն Դերմենջեան հաւաքական ցուցահանդէսներու մասնակցած է տարբեր երկիրներու մէջ, իսկ Լիբանանի մէջ այլ արուեստագէտներու կողքին անոր գործերը ցուցադրուած են 1996, 1997, 2005 եւ 2011 թուականներուն:
CATEGORIES Գաղութային