Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Ռիատա Ուալ Ատապ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի ճակատի Ռիատա Ուալ Ատապի դէմ:

Մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, տեղի պիտի ունենայ հիւսիսի մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ:

Դասաւորման աղիւսակին մէջ յառաջխաղացք արձանագրելու համար ՀՄԸՄ-ի տղաքը ամէն ճիգ ի գործ պէտք է դնեն` հիւսիսային Լիբանանէն յաղթական վերադառնալով:

Ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել կոլ նշանակելու եւ ստեղծուած առիթները օգտագործելու համար, որովհետեւ ի վերջոյ կոլ նշանակող խումբն է, որ կ՛ըլլայ մրցումին յաղթականը եւ ոչ թէ կոլի բազմաթիւ ստոյգ առիթներ ստեղծողը:

Share this Article
CATEGORIES