Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատանքին մէջ այլազան գործեր ստանձնած էք, ինչ որ արգելք մը չէ լաւ արդիւնքներ արտադրելու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործին մէջ պաշտօնակիցներ ձեր օգնութեան կը դիմեն բոլորին վստահութիւնը շահած էք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նիւթական օգնութեան պէտք ունիք եւ պիտի խնդրէք բարեկամներէ, որոնք բացատրութիւն պիտի պահանջեն ձեզմէ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաճախ ինքնագլուխ որոշումներ կու տաք, որ ձեր շուրջիններուն հաճելի չէ պէտք է շրջապատին կարծիքն ալ առնել:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի մէջ միշտ լաւ կարծիքներ կու տաք. այդ որոշումները ձեր պաշտօնին բարձրացումին կը նպաստեն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ո՛չ ոք ձեր տեղը կրնայ որոշում տալ. դուք պէտք է որոշէք ձեր ապագան:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պէտք է խնամել ձեր մարմինը եւ հոգատար ըլլալ ձեր առողջութեան. առողջութիւնը պատահականութեան չի ձգուիր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր նպատակին հասնելէ առաջ պիտի դիմագրաւէք կարգ մը խոչընդոտներ, յաջողութիւնը ձեզի հետ է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ բարեբեր փոփոխութիւն մը պիտի արձանագրէք, նոյնիսկ` համեստ պայմանով. քաջութիւ՛ն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր անկեղծութիւնը ձեր դիմաց յաջողութեան դռներ պիտի բանայ յառաջացէ՛ք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մտաւորական խառնուածք ունիք անկեղծ էք եւ ընկերային պիտի գնահատուիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պաշտօնակիցներու հետ լաւ գործակցութիւն ունիք, աստիճանի բարձրացում մը պիտի ունենաք:

 

Share this Article
CATEGORIES