50 Տարի Առաջ (17 Նոյեմբեր 1964)

Վաղուան Կեանքը

Կեանքի Միջին Տարիքը 85, Ինքնաշարժները
Պիտի Ղեկավարուին Ելեկտրական Աչքերու Կողմէ,
Մարդատար Հրթիռներ Եւ Անապական Վառելանիւթ

Վերջերս Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած է մեծ համաժողով մը, որուն մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու բոլոր կողմերէն 75 հազար գիտնականներ, մեքենագէտներ, արհեստագէտներ եւ ճարտարարուեստագէտներ: Համաժողովի ընթացքին բազմաթիւ շահեկան զեկուցումներ տրուած են գիտութեան եւ արհեստագիտութեան յառաջիկայ զարգացումներու մասին: Համաժողովին զուգընթաց կազմակերպուած է ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրուած են ապագայի բազմատեսակ առարկաներ: Համաժողովին մէջ շեշտուած է, որ կեանքի միջին տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 85 տարի: Արհեստական սիրտերը, թոքերը եւ երիկամները օրակարգի վրայ պիտի ըլլան: Ինքնաշարժները պիտի երթեւեկեն ինքնաբերաբար` ղեկավարուելով` ճամբուն ծայրը դրուած ելեկտրոնական աչքերու կողմէ: Անապական վառելանիւթերը պիտի փոխարինեն քարիւղը, որ պիտի գործածուի իր իրական առաքելութեան մէջ, այսինքն` բաղադրական նիւթերու շինութեան համար իբրեւ նախանիւթ: Մարդատար հրթիռները միջերկրային փոխադրութեան սովորական միջոցը պիտի ըլլան: Ովկիանոսները պիտի արժեւորուին թէ իբրեւ նախանիւթերու աղբիւր եւ թէ իբրեւ սննդեղէնի արտադրութեան աղբիւր:

Շեշտուած է, որ այս բոլորը ոչ թէ նախատեսութիւններ են, այլ` ներկայիս գոյութիւն ունեցող կարելիութեանց գիտական ընդլայնումներ, Թեքսասի Բազմարուեստից վարժարանի վերատեսուչ Ճոն Մաքքեթթա ըսած է, որ գիտական զարգացումի թափը նախ եղած է դանդաղ, յետոյ միջակ եւ աւելի վերջ` արագ: Ներկայիս` կը մօտենայ սանձարձակութեան աստիճանին:

 

Թուրքեւխորհրդային
Բարեկամութիւնը

Թասս Կարեւորութեամբ Կ՛արձանագրէ
Թուրք Լրագրողի Մը Յօդուածը Աթաթիւրքի
Եւ Լենինի Բարեկամութեան Մասին

Թուրք ծանօթ լրագրող Մեթին Թոքեր «Ագիս» շաբաթաթերին մէջ կը գրէ, թէ` «նոր շրջան մը բացուեցաւ Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց մէջ», Թոքեր, որ Խորհրդային  Միութիւն գացած էր թուրք այլ լրագրողներու հետ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի վերջին այցելութեան առթիւ, կը նկատէ, որ այդ շրջանը կը հանդիսանայ վերադարձը թուրքեւխորհրդային բարեկամութեան, որուն հիմքերը դրուած էին Աթաթիւրքի եւ Լենինի կողմէ:

Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, կը շարունակէ Թոքեր, որ Լենին մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէր թուրքերու ազգային ազատագրութեան պայքարին եւ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէր անոր: Հակառակ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ վարչակարգերու տարբերութեան` Աթաթիւրք եւ Լենին կը նկատէին, որ իրենց միջեւ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններու հաստատումը նպաստաւոր էր երկու կողմերուն: Այդ յարաբերութիւնները այդ նկարագիրը ունէին մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակը: 25 տարի ետք Թուրքիան եւ Ռուսիան կը վերադառնան Լենինի եւ Աթաթիւրքի շրջանի թուրքեւռուս բարեկամութեան:

Ապա յայտնելով, որ Մոսկուայի բանակցութիւնները տեղի ունեցած են նման մթնոլորտի մը մէջ, Թոքեր կ՛ընդգծէ, որ Մոսկուա այցելութիւնը եղաւ դրական: Երկու դրացիներուն` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Լենինի եւ Աթաթիւրքի շրջանին նման բարեկամութիւն մը անկասկած որ օգտակար պիտի ըլլայ աշխարհի խաղաղութեան համար:

 

Քամալ Ժոմպլաթ
Հայաստանի Մէջ

Վազգէն Վեհափառին Մօտ

 

Երեւանէն ԹԱՍՍ գործակալութեան թղթակիցը կը հեռագրէ.-

Ափրիկեւասիական միասնականութեան լիբանանեան կոմիտէի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ եւ Շուֆի երեսփոխան Քամալ Ժոմպլաթի, այսօր այցելեց հռչակաւոր Մատենադարան:

Ակադեմական Լեւոն Խաչիկեան, որ կ՛առաջնորդէր հիւրերը, բացատրութիւններ տուաւ այն աշխատանքներուն շուրջ, զորս արեւելագէտները ներկայիս կը կատարեն հետեւեալ նիւթին շուրջ`  Հայերուն եւ անոնց ռամկավարական կազմակերպութեանց մասնակցութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն ազգային ազատագրութեան պայքարին: Ակադեմականը պատուիրակութեան նուիրեց անգլերէնով հրատարակուած «Մատենադարան» գիրքը:

Ժոմպլաթ Էջմիածինի Մէջ

«Երբեք պիտի չմոռնամ եղբայրական ու անշահախնդիր աջակցութիւնը արաբներուն, որոնք հազարաւոր հայերու ապաստան տուին` մեր բոլորիս համար դժուարին մէկ շրջանին», յայտարարեց Ամենայն Հայոց վեհափառ Վազգէն Ա. հայրապետը` Էջմիածինի վեհարանին մէջ ընդունելով Ժոմպլաթը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները: «Կրցայ հաստատել, որ Պէյրութի եւ լիբանանեան այլ քաղաքներու մէջ արաբները եւ հայերը համերաշխ կ՛ապրին` կազմելով մէկ ընտանիք» աւելցուց վեհափառ հայրապետը:

 

Share this Article
CATEGORIES