Յեղաշրջող Գաղափարներ. Կեանքի Կարճ Տեւողութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Սենեկայի «Ան տը շորթնես աֆ լայֆ» գիրքը ամբողջութեամբ հաճելի ընթերցում է:

Սենեկայի «Ան տը շորթնես աֆ լայֆ» գիրքը ամբողջութեամբ հաճելի ընթերցում է:

«ԱՊՐԵԼՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱՐԳԵԼՔԸ ՍՊԱՍՈՒՄՆ Է, ՈՐ ԿԱԽՈՒԱԾ Է ՎԱՂՈՒԱՆ ՎՐԱՅ ԵՒ ԿՈՐՍՏԵԱՆ ԿԸ ՄԱՏՆԷ ՆԵՐԿԱՆ: ԱՊԱԳԱՆ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆՈՐՈՇ Է, ՊԷՏՔ Է ԱՊՐԻԼ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՆ»: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԱՅՍ ՏՈՂԵՐԸ ԿԸ ՄԷՋԲԵՐԷ «ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՐՃ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ. ՍԵՆԵԿԱ` ԲԱԶՄԱԶԲԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ, ԵՒ` ԱՒԵԼԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿ, ՔԱՆ ԵՐԿԱՐ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ» ԳԻՐՔԷՆ` ՎԵՐԼՈՒԾԵԼՈՎ ՀՌՈՄԷԱՑԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:

«Ինչպէ՞ս կ՛անցընենք մեր օրերը: Պատասխանը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կ՛անցընենք մեր կեանքը», կը գրէ ամերիկացի գրագէտ Էնի Տիլըրտ` ներկայի մասին իր թեւածող խորհրդածութեան մէջ: Այսուհանդերձ, մեզմէ շատերը իրենց օրը կ՛անցընեն` մերժելով, թէ` «բազմազբաղութիւնը որոշում մըն է», եւ թէ` ներկան շատ աւելի գոհունակութիւն կը պարգեւէ, քան` արդիւնաբերութիւնը: Ասիկա ինքնին ուրախ չզգալու մեծագոյն պատճառն է, ինչպէս կը հաւատար հոլանտացի փիլիսոփայ Քիրքըկարտ: Իրօք, արդիւնաբերութիւնը մեզ կ՛օրօրէ կրաւորականութեան ստեղծած երանութեան մէջ, իսկ բազմազբաղութիւնը մեր ուշադրութիւնը կը շեղէ կեանքը ապրելէ. երբ քարշ կու տանք մեր միօրինակ կեանքը, կը կատարենք մեր պարտականութիւնները, սակայն կը բացակայինք մեր ինքնութենէն` «ընելը» շփոթելով «ըլլալու» հետ:

Հակառակ մարդկային կեանքի միջին տեւողութեան յարաճուն մագլցումին` կը թուի, թէ այս մտավախութիւնները որեւէ ժամանակէ աւելի այժմէական են: Այսուհանդերձ, անոնք չեն վերաբերիր միայն մեր ժամանակներուն, այլ կ՛երթան մինչեւ մարդկային փորձառութեան եւ նկրտումներուն առաջին արձանագրութիւնները: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ այս նիւթին լաւագոյն քննարկումին կարելի է հանդիպիլ ամէնէն հին քննարկումներուն շարքին. անիկա հռոմէացի փիլիսոփայ Սենեկայի 2000 տարուան հրաշալի ճառն է «Կեանքի կարճ տեւողութեան մասին». դիպուկ յիշեցումը` այն գաղափարին, զոր խորապէս կը զգանք մեր բնազդով, սակայն շատ արագ կը մոռնանք եւ տեւաբար կը ձախողինք կիրարկել:

«Կը Մսխենք Կեանքին Մեծ Մասը»

Սենեկա կը գրէ.

«Հարցը այն չէ, թէ կեանքի տեւողութիւնը կարճ է, այլ այն է, թէ կը մսխենք կեանքին մեծ մասը: Կեանքը բաւական երկար է, եւ մեզի տրուած ժամանակը բաւական շատ` մեր գերագոյն նպատակներուն իրագործումին համար, եթէ կարենանք ճիշդ ձեւով շահարկել մեզի տրուած ժամանակը: Սակայն երբ կեանքը կը վատնենք աննպատակ շռայլութեան վրայ եւ բաւարար ժամանակ չենք տրամադրեր լաւ բաներու, ապա կը ստիպուինք գէթ մահուան վախճանական կաշկանդումով անդրադառնալ, թէ մեր կեանքը անցած է, մինչ մենք չենք անդրադարձած, թէ կ՛անցնի: Հետեւաբար իրականութիւնը հետեւեալն է. մեզի տրուած կեանքը կարճ չէ, այլ մենք է, որ կը կարճցնենք զայն, եւ մեզի տրուած ժամանակը կարճ չէ, այլ մենք է, որ կը մսխենք զայն: Կեանքը բաւական երկար է, եթէ գիտենք զայն գործածելու ձեւը»:

Լիզպէթ Զվերկըրի պատկերազարդած «Էլիս ին ուոնտըրլենտ» գիրքէն:

Լիզպէթ Զվերկըրի պատկերազարդած «Էլիս ին ուոնտըրլենտ» գիրքէն:

«Ժամանակը դրամ է» ասացուածքին յայտնութենէն երկու հազարամեակ առաջ Սենեկա կը մատնանշէր, թէ ժամանակը չենք օգտագործեր իբրեւ թանկարժէք աղբիւր, թէեւ շատ հաւանաբար անիկա մեր ամէնէն արժէքաւոր եւ անվերանորոգելի աղբիւրն է:

Մարդիկ կը խուսափին վատնելէ իրենց անձնական ունեցուածքը: Սակայն երբ հարցը կը վերաբերի ժամանակի, անոնք կը մսխեն այնպիսի բան մը, զոր ժլատօրէն պահելու իրաւունքը ունին:

Սենեկա շեշտակի կշտամբանք մը կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք այս ձեւով կը մսխեն իրենց ժամանակը:

«Կ՛ապրիք այնպէս, կարծէք անմահ էք: Ձեր սեփական տկարութեան բնաւ չէք անդրադառնար: Չէք նկատեր, թէ որքա՛ն ժամանակ անցած է արդէն, այլ զայն կը մսխէք այնպէս, կարծէք լեցուն եւ յորդառատ աղբիւր մը ունիք, թէեւ, մինչ այդ, նոյն այն օրը, որ կը յատկացնէք անձի մը կամ բանի մը, կրնայ ձեր վերջին օրը ըլլալ: Մահկանացուի պէս կ՛ապրիք այն բոլոր բաներուն դիմաց, որոնք վախ կը պատճառեն ձեզի, սակայն դուք ձեզ անմահ կը կարծէք այն բոլոր բաներուն դիմաց, զորս կը ցանկաք ունենալ: Որքա՛ն ուշ է, երբ կ՛որոշէք իրապէ՛ս ապրիլ, որովհետեւ անդրադարձած էք, թէ կեանքը վերջ պիտի գտնէ: Որքա՛ն յիմար պէտք է ըլլալ` մոռնալու համար մեր մահկանացուի վիճակը եւ մեր խելացի ծրագիրները յետաձգել մինչեւ 50-ական եւ 60-ական տարիքը` ձգտելով կեանքը սկսիլ այնպիսի կէտէ մը, ուր քիչեր հասած են»:

«Ինչպէ՛ս Պէտք Է Ապրիլ»

Մարդկութեան մեծագոյն մտածողներէն` Պերթրընտ Ռասըլ 19 դար ետք գրած է հռետորական ողբ մը. «Ի՞նչ օգուտ ազատ ժամանակէն եւ առողջութիւնէն, երբ ոչ ոք գիտէ օգտագործել զանոնք»: Սակայն, նոյնիսկ Սենեկա, որ կը գրէր առաջին դարուն, բազմազբաղութիւնը կը նկատէր ուշադրութիւնը ցրուող եւ կլանող երկգլխանի դեւ մը, մոլութիւն մը, խոչընդոտ մը` կեանքը ապրելու արուեստին տիրապետելու ճամբուն վրայ: Ան կը գրէ.

«Բազմազբաղ անձ մը չի կրնար յաջողութեամբ կատարել որեւէ աշխատանք, որովհետեւ, երբ ուղեղը ցրուած է, ոչինչ կրնայ իւրացնել խորապէս, եւ կը մերժէ ամէն ինչ, որ կը թխմուի իր մէջ: Բազմազբաղ անձի մը համար ամէնէն անկարեւոր գործն է ապրիլը: Այսուհանդերձ, ամէնէն դժուար բանն է սորվիլ, եւ ամբողջ կեանք մը կը պահանջէ սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ: Իսկ ձեզ աւելի պիտի զարմացնէ այն, թէ իրօք, ամբողջ կեանք մը կը պահանջէ սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մեռնիլ»:

Այն ընդոստ խթանը, որ սովորամոլութեամբ մեզ կը մղէ յաջորդ վայրկեանին փնտռելու այն, ինչ որ կը պակսի ներկայ վայրկեանին, մեզ կը վերածէ մեր անձէն խոյս տուող փախստականներու: Սենեկա կը գրէ.

«Ամէն ոք իր կեանքը կը քաշքշէ, մինչ կը տանջուի ապագայի ձգտումով եւ ներկայի յոգնութեամբ: Սակայն ան, որ իր իւրաքանչիւր օրը կը կազմակերպէ այնպէս, կարծէք իր վերջին օրը ըլլայ, չի ձգտիր եւ ոչ ալ կը վախնայ յաջորդ օրէն: Ոչինչ կարելի է խլել անոր կեանքէն, այլ միայն կարելի է աւելցնել անոր կեանքին վրայ, այնպէս` ինչպէս կարելի է ուտելիք առաջարկել կուշտ ու կուռ ճաշած անձի մը, որ չ՛ուզեր աւելի ուտել, սակայն կրնայ ուտել: Հետեւաբար ճիշդ չէ մտածել, թէ մէկը երկար ապրած է, պարզապէս որովհետեւ ճերմակ մազեր եւ կնճիռներ ունի. ան երկար չէ ապրած, այլ երկար գոյութիւն ունեցած է: Պահ մը երեւակայենք մարդ մը, որ երկար ուղեւորութեան ձեռնարկած էր, սակայն նաւահանգիստէն դուրս գալէ անմիջապէս ետք փոթորիկի բռնուած էր, այս ու այն կողմ քշուած էր, հակառակ ուղղութիւններով փչող քամիներու միջեւ ոլորապտոյտ դարձած էր անընդհատ: Չենք կրնար ըսել, թէ ան երկար ուղեւորութիւն մը կատարած էր, այլ պիտի ըսենք, թէ պարզապէս երկար ժամանակ այս ու այն կողմ քշուած էր»:

«Իրագործելու Եւ Ձգտելու Երկսայրի Սուրը»

Սենեկա առաւելաբար սկեպտիկ է իրագործելու եւ ձգտելու երկսայրի սուրին նկատմամբ, որ մեզ կը խրէ անապահովութեան, անբաւականութեան եւ կառչելու վիճակներու մէջ:

Կաս Կորտընի պատկերազարդած «Հերման էնտ Ռոզի» գիրքէն:

Կաս Կորտընի պատկերազարդած «Հերման էնտ Ռոզի» գիրքէն:

«Անխուսափելի է, որ կեանքը ոչ միայն շատ կարճ պիտի ըլլայ, այլ նաեւ շատ դժբախտ` բոլոր անոնց համար, որոնք տքնաջան աշխատանքով կը տիրանան բանի մը եւ պարտաւոր են զայն պահել` շատ աւելի տքնելով: Անոնք տքնելով կ՛իրագործեն իրենց նպատակները: Անոնք տէրն են անձկութեամբ իրագործած իրենց նպատակներուն: Սակայն իրենց նպատակները իրագործելու ճամբուն վրայ անոնք չեն հաշուեր ժամանակը, որ երբեք կարելի չէ վերագտնել: Նոր զբաղումներ կը գրաւեն հին զբաղումներուն տեղը, յոյսը կը ներնչէ յաւելեալ յոյս եւ ձգտումը` յաւելեալ ձգտում: Անոնք աւարտը չեն պատկերացներ իրենց թշուառութեան, այլ պարզապէս կը փոխեն իրենց թշուառութեան պատճառը»:

Սենեկա կը զգուշացնէ, թէ ասիկա տասնապատիկ զօրութեամբ կը թունաւորէ հոգին, երբ մարդ կը տքնի իրագործելու համար այլ անձի մը նպատակները:

«Իրօք, բազմազբաղ բոլոր անձերուն վիճակը խղճալի է, սակայն ամէնէն աւելի խղճալի են անոնք, որոնք ոչ թէ իրենց սեփական նպատակներուն համար կը տքնին, այլ իրենց քունը պէտք է դասաւորեն այլոց ծրագիրներուն համաձայն, իրենց քայլերը պէտք է նետեն այլոց քայլերուն կշռոյթով եւ հնազանդին հրահանգներու` ամէնէն ազատ բաներու մէջ, ինչպէս` սիրել եւ ատել: Եթէ նման անձեր կ՛ուզեն գիտնալ, թէ որքա՛ն կարճ է իրենց կեանքը, կրնան չափել, թէ իրենց կեանքին որքա՛նը կը պատկանի իրենց»:

Ժամանակի Արժէքը

Սենեկա կը կատարէ ներկայ ժամանակներուն յարմար պայծառ դիտարկութիւն մը, երբ հարց կու տայ, թէ ի՞նչ գին կը վճարուի, երբ անձ մը ժամանակ կը խնդրէ այլ անձէ մը: Ան դիպուկ ակնարկութիւններ կը կատարէ հանդիպումի անվերջ խնդրանքներու եւ տարբեր պահանջներու վերաբերեալ եւ կ՛ըսէ.

«Բոլոր անոնք, որոնք ձեզ իրենց քով կը կանչեն, ձեզ կը հեռացնեն ձեր անձէն»:

Միշտ ալ զիս կը զարմացնեն այն անձերը, որոնք ուրիշներու ժամանակը կը խնդրեն եւ կը ստանան պարտաւորիչ պատասխաններ: Երկու կողմերը նկատի կ՛ունենան պահանջուած ժամանակին պատճառը, սակայն ոչ` ինքնին ժամանակը: Կարծէք ոչինչ կը պահանջուի եւ ոչինչ պիտի տրուի: Անոնք կը խաղան կեանքի ամէնէն թանկարժէք ունեցուածքին հետ` ապրելով այն խաբկանքը, թէ անիկա անշօշափելի բան մըն է, թէ` կարելի չէ քննել զայն, հետեւաբար շատ աժան բան մըն է, իրօք, նոյնիսկ` գրեթէ անարժէք:

Սենեկայի համաձայն, մեր ժամանակին տէր կանգնիլը մաս կը կազմէ մեր անձին նկատմամբ մեր հոգածութեան, իսկ հակառակ ընթացքը ինքզինք անտեսելու վտանգաւոր երեւոյթ մըն է: Ան կը գրէ.

Ալեսանտրօ Սաննայի պատկերազարդած «Տը ռիւըր» գիրքէն:

Ալեսանտրօ Սաննայի պատկերազարդած «Տը ռիւըր» գիրքէն:

«Ոչ ոք կը գնահատէ ժամանակի արժէքը. մարդիկ զայն կը գործածեն շռայլօրէն, կարծէք ոչինչ կ՛արժէ ժամանակը: Աւելի ուշադիր պէտք է ըլլալ` պահպանելու համար բան մը, որ անորոշ պահու մը այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ»:

Սենեկա կը նկարագրէ, թէ բազմազբաղութեամբ համակուած վիճակը որքա՛ն կը նմանի ինքնահիփնոսացումի.

«Ոչ ոք կրնայ վերադարձնել տարիները: Ոչ ոք ձեզ կը վերադարձնէ ձեր անձին: Կեանքը կը հետեւի այն հունին, որուն սկսած էր հետեւիլ սկիզբէն, եւ երբեք ետդարձ չի կատարեր, ոչ ալ կը ստուգէ իր ընթացքը: Աղմուկ չի բարձրացներ յիշեցնելու համար իր արագութիւնը, այլ անշշուկ կը թաւալի: Կեանքը ինքզինք չ՛երկարեր թագաւորի մը հրահանգով կամ մարդոց խնդրանքով: Այնպէս` ինչպէս սկսած է, առաջին օրէն կը վազէ առաջ` ոչ մէկ տեղ կանգ առնելով կամ շեղելով: Իսկ ի՞նչ է արդիւնքը: Մենք տարուած ենք մեր աշխատանքով, մինչ կեանքը կը փութայ դէպի առաջ: Մինչ այդ մահը կը հասնի, իսկ մենք զայն ընդունելու կամ չընդունելու իրաւունք չունինք»:

Իրերը Յետաձգելը «Յիմարութիւն» Է

Սենեկայի շեշտակի բառերը օգտագործելով` շատ աւելի «յիմարութիւն» է իրերը յետաձգելը, քան թէ` բազմազբաղ ըլլալը: Յետաձգել` ոչ թէ արտադրողականութեան իմաստով, այլ` գոյութենական. յետաձգել` հաստատ եւ երաշխաւորուած ձգտումներով, ինչ որ մեզ կը մղէ խելայեղօրէն ծրագրելու, հրաժարելու` մեր մեծագոյն նպատակները հետապնդելէ եւ մեծագոյն ճշմարտութիւնները ապրելէ, այն պատրուակով, թէ ապագան ձեւով մը մեզի պիտի ընծայէ աւելի ցանկալի վիճակ մը:

«Իրերը յետաձգելը կեանքի մեծագոյն մսխումն է: Անիկա կը խլէ իւրաքանչիւր օր, որ կը սկսի, եւ մեզմէ կը խլէ ներկան` խոստանալով ապագան: Ապրելու մեծագոյն արգելքը սպասումն է, որ կախուած է վաղուան վրայ եւ կորստեան կը մատնէ ներկան: Այս ձեւով պարզապէս կը յանձնուինք բախտի լուծին եւ կը լքենք այն, ինչ որ կարելի է պահել մեր հակակշիռին տակ: Ի՞նչ կը փնտռենք, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդենք, ամբողջ ապագան կը գտնուի անորոշութեան մէջ: Ապրեցէք ձեր օ՛րը», կը գրէ Սենեկա եւ իր գաղափարը կը վերարտադրէ փոխաբերական պատկերով մը:

«Ժամանակի արագութիւնը պէտք է բաղդատել զայն գործածելու արագութեան հետ… եւ պէտք է խմել արագ, կարծէք կը խմենք արագահոս աղբիւրէ մը, որ միշտ չէ, որ կը հոսի: Այնպէս` ինչպէս ճամբորդներ կը ներգրաւուին զրոյցի մը մէջ, գիրքի մը կամ` խոր ինքնախորհրդածութեան եւ յանկարծ կ՛անդրադառնան, թէ հասած են իրենց ուղղուած վայրը` առանց զգալու, թէ կը մօտենային անոր, նոյնպէս ալ բազմազբաղ անձերը այս անընդհատ եւ չափազանց սրընթաց կեանքի ուղեւորութիւնը կը կատարեն նոյն արագութեամբ, քնացած, թէ արթուն վիճակի մէջ, եւ այս իրողութեան կը գիտակցին միայն այն ատեն, երբ վերջ կը գտնէ անիկա»:

Փիլիսոփայութիւնը` Արժանի
Միակ Զբաղումը

Սենեկա իր սեփական զբաղումը` փիլիսոփայութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ արժանի միակ զբաղումը ուղեղին եւ հոգիին համար: Անգին ուսուցիչ մըն է ան, որ մեզի կը սորվեցնէ ամբողջութեամբ ապրիլ մեր էութիւնը` «այս կարճ եւ անցողակի» գոյութեան մէկ պահուն եւ մեր կարճ կեանքը կ՛ընդարձակէ երկու կողմերով, որպէսզի ապրինք աւելի ընդարձակ, քան` աւելի երկար կեանք մը: Ան կը գրէ.

«Հաճելի ազատ ժամեր կ՛ապրին միայն անոնք, որոնք ժամանակ կը յատկացնեն փիլիսոփայութեան: Միայն անո՛նք իրապէս կ՛ապրին, որովհետեւ ոչ միայն լաւ կը հետեւին իրենց ապրած ժամանակներուն, այլ նաեւ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան կը կցեն իրենց ապրած ժամանակներուն: Անոնց ապրած ժամանակներէն առաջ անցած տարիները կ՛աւելնան անոնց ապրած տարիներուն վրայ: Ապերախտ պէտք է ըլլալ ժխտելու համար այն, թէ սրբազան դաւանանքներու բոլոր անզուգական հիմնադիրները ծնած են մեզի համար եւ կեանքի ձեւ մը գծած են մեզի համար: Ուրիշներու տքնաջան աշխատանքով է, որ խաւարէն լոյս բերուած են բաներ եւ դարձած են ներկայութիւն»:

«Այս անձերէն կարելի է ստանալ այն, ինչ որ կ՛ուզենք: Անոնց յանցանքը չէ, որ ամբողջութեամբ չենք օգտուիր իրենց յայտնաբերումներէն: Ինչպիսի՛ ուրախութիւն, ինչպիսի՛ գեղեցիկ ծերութիւն կը սպասէ այն մարդուն, որ յաճախորդ դարձած է անոնց: Ան կ՛ունենայ բարեկամներ, որոնց խորհուրդին կրնայ դիմել եւ հարցնել ամէնէն կարեւոր բաներէն ամէնէն անկարեւոր բաներուն մասին, որոնց կրնայ դիմել ամէն օր` անձնական հարցերով, եւ անոնք իրեն կ՛ըսեն ճշմարտութիւնը, առանց նախատելու զինք, եւ կը գովաբանեն զինք` առանց շողոքորթելու, եւ որոնք կ՛առաջարկեն պատկեր մը, որուն հետեւողութեամբ ան կրնայ ձեւաւորել ինքզինք»:

Այսուհանդերձ, շատ աւելի դիպուկ է Սենեկայի այն մտածումը, թէ փիլիսոփայութիւնը կը կատարէ տեսակ մը ոգեղէն ծնողի դեր` անոնց համար, որոնք չեն շահած գոյութեան պարգեւը եւ չեն օգտուած ամբողջութեամբ ներկայ ծնողներու գուրգուրանքէն, որ կենսական է ներքին ամբողջական էութիւնը կազմաւորելու համար:

«Սովորութիւն ունինք ըսելու, թէ մեր ուժի սահմաններուն մէջ չէ ընտրել մեզի վիճակուած ծնողները, թէ` անոնք մեզի տրուած են դիպուածով: Սակայն կրնանք որոշել, թէ ո՛ր ծնողներուն զաւակները պիտի ուզէինք ըլլալ: Ազնուագոյն մտաւորականներու գերդաստաններ գոյութիւն ունին: Կրնանք ընտրել անոնցմէ մէկը, որուն հոգեզաւակը պիտի փափաքէինք ըլլալ եւ պիտի ժառանգէինք ոչ միայն անոր անունը, այլ նաեւ` ունեցուածքը: Իսկ կարիքը չկայ այս ունեցուածքը պահպանելու նենգաբար կամ մաղձով: Որքան աւելի շատ բաժնուի անիկա, նոյնքան աւելի կը շատնայ: Ասիկա մեր դիմաց կը բանայ անմահութեան ճամբան եւ մեզ կը բարձրացնէ այնպիսի դիրքի մը, ուրկէ ոչ ոք վար շպրտուած է: Ասիկա մահկանացուի մեր կեանքը երկարաձգելու միակ միջոցն է, նոյնիսկ` ընդարձակ անմահութեան վերածելու միջոցը», կը գրէ Սենեկա:

Share this Article
CATEGORIES