Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Կը Նշուի Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը
Ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2014-ին, Ս. Խաչ¬Հարպոյեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտ Անիթա Շիրվանեան բացման խօսքով ներկայացուց պատմականը թարգմանչական աշխատանքին, որով հայ ժողովուրդը զինուեցաւ ինքնապաշտպանական հզօր զէնքով, որուն շնորհիւ առ այսօր մենք կը մնանք անխոցելի` արտաքին մշակութասպան սպառնալիքներուն դիմաց: 12-րդ դասարանի աշակերտ Փիթըր Պետրոսեան ըսաւ. «Բանաստեղծ Գէորգ Էմին հայոց տառերը կը նմանցնէ մէկական զինուորներու, ինքնապաշտպանութեան մարտիկներու, զրահաւոր ասպետներու, եւ մենք, փոխանակ գուրգուրալու, կամովին եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ կ՛օտարանանք մեր տոհմիկ մթնոլորտէն, մինչ օտարներ հիացումով կը խօսին մեր լեզուին մասին»: Աւարտին, ան կոչ ուղղեց իր ընկերներուն ուխտել` հաւատարիմ մնալու մաշտոցեան մեր դարաւոր նշխարներուն:
Յայտագիրը սկսաւ Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ հայ լեզուին» մենախօսութեան կատարողութեամբ, զոր բացառիկ կերպով եւ մեծ ապրումով ներկայացուց 12-րդ դասարանէն Արինա Թեփիրճեան: Ապա տեսերիզի ցուցադրութեամբ աշակերտները հետեւեցան մեր առաջին թարգմանիչներու` Մեսրոպ Մաշտոցի, Կորիւն վարդապետի, Սահակ Պարթեւի, Եղիշէի, Մովսէս Խորենացիի, Դաւիթ Անյաղթի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի կատարած հսկայական եւ գերգնահատելի աշխատանքին:
Այնուհետեւ, 8-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին տպաւորիչ թատերական գործ մը, որուն միտք բանին էր` մերժել օտար բառերու օգտագործումը մեր առօրեայ բառապաշարին մէջ, երբ մենք ունինք այնքա՛ն հարուստ, ամբողջական եւ ինքնատիպ լեզու մը:
Օրուան բանախօսն էր «Օ.թի.վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լրատուական բաժնի պատասխանատու` Արմէն Ապտալեան: Ան Թարգմանչաց տօնը առնչելով մեր գոյութեան եւ ինքնութեան հետ` նախ շնորհաւորեց գեղարուեստական յայտագրին մասնակցած բոլոր աշակերտները եւ ուսուցիչները, որոնք այդքան բովանդակալից եւ սրտամօտ յայտագիր մը պատրաստած էին: Ապա ան խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ. «Դուք շուտով պիտի մեծնաք, համալսարաններ յաճախէք եւ անդրադառնաք, որ աշխարհը լեզուներու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու խառնարան մըն է, ուր ինքզինք պաշտպանելը շատ դժուար է, եթէ ձեզի հետ չունենաք ձեր միակ հզօր զէնքը` մայրենի լեզուն»: Ան աշակերտները բախտաւոր համարեց, որովհետեւ իրենց ծնողները զիրենք կ’ուղարկեն հայկական վարժարան, ուր անոնք կը ծանօթանան մեր ինքնութեան զէնքին, խնդրելով` խաղալիքի, աղբի, ծաղր ու ծանակի չվերածել, փոշիներու մէջ չթաղել ու մահուան չդատապարտել այս կատարեալ, կատարելագործուած, հարուստ եւ ճկուն հայոց լեզուն:
«Իմ թանկագին լեզու» խմբային երգով ելոյթ ունեցան Դ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ, որմէ ետք երգի ուսուցչուհի Սոնիկ Փամպուքեան, ընկերակցութեամբ արուեստից բաժնի աշակերտներ Կարօ Նագգաշեանի եւ Սերժիօ Ահարոնեանի, հրամցուցին «Հայորդիք» երգը:
Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան գնահատեց «Համազգային»-ի գիրքի պատրաստութեան մրցանքին վարժարանի 4 պարգեւատրեալ խմբակները, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեց նախորդ շաբթուան ընթացքին Բ., Գ. եւ Դ. կարգերուն մէջ ընթերցանութեան մրցանքին 6 յաղթական աշակերտները: Ապա ըսաւ. «Այսօր անգամ մը եւս մեր աշակերտները եկան ապացուցելու, որ իրենք հաւատարիմ պահապաններն են հայոց լեզուին, որովհետեւ հայ աշակերտը հայ վարժարանին մէջ է, որ կը շարունակէ տէր կանգնիլ իր ինքնութեան հզօրագոյն զէնքին` հայոց լեզուին»:

