Թարգմանչաց Տօնակատարութիւնը Մեսրոպեանի Մէջ. Բանախօսութիւն` Նուիրուած Յովհաննէս Շիրազին

1028_photo828 հոկտեմբեր 2014-ին Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի ընդհանուր փոխանորդ Անտոն ծ. վրդ. Ադամեան Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական բաժանմունքի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը վերածեց հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան եւ հայ գրականութեան ոգեւորիչ դասի` ընդմէջէն Յովհաննէս Շիրազի նուիրուած իր դասախօսութեան, որ վստահաբար երկար ժամանակ պիտի մնայ բոլոր ներկաներուն յիշողութեան մէջ:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ այս տարուան թիւով երրորդ Թարգմանչաց հանդիսութիւնը հրաւիրուած էր յատկապէս երկրորդական բաժամունքին համար: «Ֆարաճեան» սրահին մէջ կայացած հանդիսութեան ներկայ եղաւ հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան:

Հանդիսութեան առանցքը կազմեց հայրենի մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի քնարերգական վաստակը` անոր ծննդեան 100-ամեակին առիթով: Բացման խօսքին մէջ Մեսրոպեանի աշակերտուհի Սթեֆանի Պալթայեան դիտել տուաւ, որ «շա՜տ ու շա՛տ տարիներ կ՛անցնին, հայոց սերունդներ կը յաջորդեն իրարու, բայց հայերէնի թոթովանքով մեր աշխարհին բացուող ամէն հայ մանուկ, անկասկած, Շիրազէն տող մը, սրտայոյզ երգ մը եւ խորախորհուրդ պատգամ մը պիտի շարունակէ մրմնջել, նաեւ գոռալ` յանուն արդարութեան յաղթանակին եւ Մասիս սարի տուն դարձին»:

1028_photo10Անտոն ծ. վրդ. Ադամեան բանախօսեց Յովհաննէս Շիրազի գրական վաստակին ու նկարագրին մասին` վեր հանելով անոր կենսագրութեան ամենայատկանշական կողմերը եւ զուգահեռներ անցնելով բանաստեղծի կեանքին ու զայն ծնած ժողովուրդի ճակատագրին միջեւ:  Բանախօսութիւնը ինքնին եղաւ շքեղ գովերգ մը` հայոց վշտի ու պայքարի մեծ երգիչին, արժանաւորապէս մեծարելով հայ ժողովուրդի այս մեծ զաւակը, որ սիրելի էր ու կը մնայ սիրելի` Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին: Հայր Ադամեան իր բանախօսութեան մէջ կատարեց յատկանշական մէջբերումներ Շիրազի գրական վաստակէն եւ այդպիսով յաջողեցաւ ներկայացնել ամբողջական նկարագիրը Մասիսն ու Հայաստանը, Մեծ եղեռնն ու պահանջատիրական պայքարը, հայ մայրն ու հայութիւնը գեղեցկօրէն եւ անկեղծութեամբ երգած մեծ քերթողին:

Փակման խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Անտոն ծ. վրդ. Ադամեանին` իր բանախօսութեան ընդմէջէն ներկաներուն  այնքան կարեւոր պատգամներ յղելուն համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ հայոց նոր սերունդները հաւատարիմ ժառանգորդները պիտի ըլլան Յովհաննէս Շիրազին եւ իրականացնողներ` անոր անկատար մնացած երազներուն:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով Ազնիւ Փոլատեան ասմունքեց Շիրազի «Հայոց լեզուն» քերթուածը, իսկ Նարօտ Ադամեան (ջութակ) եւ Արմիկ Հեքիմեան (քլարինեթ) նուագեցին երկու երաժշտական կտորներ` «Առ այլուղը» եւ «Ազգ Փառապանծ»:

Տօնակատարութիւն` Միջնակարգի Մէջ

Հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի միջնակարգ բաժանմունքի աշակերտները հանդիսութեամբ մը նշեցին Թարգմանչաց տօնը:

Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ, աշակերտուհի Լորի Քէշիշեան հարկ համարեց, որ` «Թարգմանչաց տօնը իւրաքանչիւր հայու համար ըլլայ ուխտի վերանորոգման տօն, ուխտ` տէր կանգնելու մեր լեզուին եւ յարատեւ կառչած մնալու մեր դարաւոր մշակոյթին, զոր կտակեցին մեզի մեր նախնիները»:

«Ֆարաճեան» հանդիսասրահին մէջ հաւաքուած աշակերտները նախ դիտեցին յատուկ այս առիթով պատրաստուած, քառորդ ժամ տեւողութեամբ տեսերիզ մը: Տեսերիզին մէջ ներկայացուած էր Ոսկեդարու ամփոփ պատմութիւնը եւ անոր կերտիչներուն` թարգմանիչներու աւագ սերունդի ներկայացուցիչներուն կենսագրութիւնն ու գրական վաստակը, իսկ երկրորդ մասով` Աստուածաշունչ մատեանի տեղն ու նշանակութիւնը հայ գրականութեան ծնունդին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Տեսերիզի պատումի մասը կատարած էին Թ. դասարանի աշակերտներ` Էլի Թորանեան, Նազօ Կարապետեան, Եւա Ղազարեան, Արշօ Եագուպեան եւ Պեթի Սուլեան, հսկողութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Թամար Եալմանեանի:

Ապա Թ. դասարանի աշակերտներ ընթերցումներ կատարելով օտարալեզու գրական գործերու`  ներկայացուցին անոնց հայերէն թարգմանութիւնները եւ այդպիսով աշակերտներուն փոխանցեցին որոշակի գաղափար մը թարգմանական գործին մասին: Սթեֆանի Հատատ արաբերէնով կարդաց լիբանանցի մեծ գրող Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Սիրոյ մասին» գրութիւնը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը մատուցեց Կասիա Ժինեան. Եւա Ղազարեան կարդաց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Հայն ու հայը»` անգլերէն եւ հայերէն, իսկ Պեթի Սուլեան եւ Յովիկ Գոյունեան կարդացին Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած`  Շարլ Ազնաւուրի «Անոնք ինկան» բանաստեղծութիւնը, ֆրանսերէն եւ հայերէն` յաջորդաբար:

Հանդիսութեան փակման խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ մեծապէս գնահատեց հանդիսութեան կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն աշխատանքը եւ մաղթեց, որ հայ աշակերտները բոլոր ձեռնարկումներուն մէջ հետեւին եւ հաւատարիմ մնան նորարարութեան եւ ստեղծագործականութեան, հետամուտ` սուրբ թարգմանիչներու աւանդին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES