Ս. Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Սրբ. Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ
Հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերին, Սրբ. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը` յատուկ հանդիսութեամբ եւ ծնողներուն ներկայութեամբ: Հանդիսասրահին մէջ օրուան պատգամը խորհրդանշող բեմական յարդարանքը, հայկական ուրախ երաժշտութիւնն ու աշխուժ եռուզեռը գրաւեցին բոլորին սրտերը:
Հանդէսը սկիզբ առաւ լիբանանեան, հայկական եւ դպրոցին քայլերգներով` կատարողութեամբ 5-րդ եւ 6-րդ կարգերու միացեալ երգչախումբին:
Օրուան բացման խօսքը արտասանեց 9-րդ դասարանէն Արինա Պերեճիքլեան, որուն յաջորդեցին հայոց լեզուի, մեսրոպագիւտ «այբուբէն»-ին փառաբանութիւնը հիւսող բանաստեղծութիւններ, ազգաշունչ երգեր ու տաղեր` ընդելուզուած` ջութակի, շուիի եւ տհոլի խօսուն ու գրաւիչ մեղեդիներով: 8-րդ դասարանէն Ալեք Տօներեան բացառիկ ճկունութեամբ ջութակի վրայ նուագեց Ս. Քէօսայեանի «Concertino en Ré mineur» գեղեցիկ կտորը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհին` քոյր Արմինէ Մակարոսեան,որ բարձր գնահատելով հայ ուսուցիչին անձնազոհ աշխատանքը` շեշտը դրաւ հայ դպրոցին հիմնական առաքելութեան եւ կարեւորութեան վրայ կատարեալ ուսում եւ գիտութիւններու ծրագիրներու առընթեր, հարկ է հայ աշակերտը կերտել ճշմարիտ ազգասիրութեամբ եւ հայապահպանումի խոր գիտակցութեամբ: Ապա խօսքը ուղղելով ծնողներուն` խրախուսեց զանոնք` արժեւորելու հայ դպրոցը, բարձր պահելու անոր վարկը,ըլլալու գործօն դեսպաններ այլասերումի եւ օտարամոլութեան դէմ:
Հանդէսը շարունակուեցաւ հայկական նազելաճեմ պարով` Արարատի հմայիչ պատկերով եւ նազանքով, պատրաստուած վարժարանի պարուսոյց Նատիա Զահթերեանի կողմէ, կատարողութեամբ 7-րդ դասարանի աշակերտուհիներու: Ապա կարգով բեմ բարձրացան նախակրթարանի փոքրիկները` եռանդով, քաջաբար երգելու, արտասանելու մեսրոպաշունչ երկերը:
Հանդէսը փակուեցաւ «Մենք քիչ ենք, բայց հայ ենք» խմբերգով եւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Ուսուցման Վերակազմաւորում
Սրբ. Հռիփսիմեանց Երկրդ. Վարժարանին Մէջ
Սրբ. Հռիփսիմեանց երկրդ. վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, 30 հոկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ուսուցման վերակազմաւորման խորհրդաժողով մը, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, մասնակցութեամբ 40 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու:
Օրուան զրուցավարն էր Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի գլխաւոր պատասխանատուներէն դոկտ. Ժորժ Եահշուշի, որ իր նիւթին առանցքը դարձուց դասաւանդութեան նիւթերու այժմէականացումը եւ անոնց ընդառաջ` զարգացման եղանակը ի նպաստ աշակերտին եւ կրթական հիմնարկի յառաջդիմութեան:
Զրոյցի ընթացքին դոկտ. Եահշուշի կարեւոր նկատեց այն մարտահրաւէրները, որոնք կ՛առնչուին ուսուցման եղանակի ձեւի ու ներկայացման դրութեան, որ կը թելադրէ աշակերտը կողմնորոշել եւ ապահովել անոր ներգործուն մասնակցութիւնը գիտելիքներու ընկալման համար: Բարեշրջուած ուսուցման այս եղանակը պիտի նպաստէ ենթակային յառաջխաղացքին ու կրթական հաստատութեան վերելքին:
Զրոյցի աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց դոկտ. Եահշուշիին, ապա անդրադառնալով օրուան քննարկուած նիւթերուն` մաղթեց, որ վերանորոգ կողմնորոշման ուղիով պիտի առաջնորդուին մեր նորահաս սերունդի հայ զաւակները` ի սպաս մեր ժողովուրդի տեսլականին:

