Թարգմանչաց Տօնը Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ
Ազգային Աբգարեան վարժարանը ոգեկոչեց Թարգմանչաց տօնը եւ գիրերու գիւտը, ուրբաթ, 31 հոկտեմբեր 2014-ին, ատենամարզանքի կոկիկ յայտագրի մը ընթացքին, որուն ներկայ եղան Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Մարալ Անթոյեան եւ ծնողներ:
Աշակերտները Մեսրոպ Մաշտոցին յարգանք մատուցեցին` վառած մոմեր եւ սպիտակ ծաղիկներ զետեղելով անոր յիշատակը անմար պահող քանդակին դիմաց, ապա կենդանի պատկերով մը Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Խորենացին եւ Կողբացին, որոնք նոր սերունդին կտակեցին հայոց սուրբ տառերը:
Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու մանուկ բերաններէն հնչեցին հայերէն երգեր եւ արտասանութիւններ: Անոնք իրենց ձեռքին կամ ճակատին ունէին հայոց տառերը, իւրաքանչիւրը` իր անուան առաջին գիրը, զոր ներկած էր իր մանրիկ թաթիկով:
Յաջորդաբար Ա. կարգէն մինչեւ Զ. կարգի աշակերտներ արտասանեցին եւ երգեցին` այբուբենը միշտ բարձր բռնած, յիշեցնելով, թէ մենք հայ ենք եւ պէտք է հայկական վարժարան յաճախենք եւ միշտ հայերէն խօսինք:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Լենա Թառայեան, որ շեշտեց հայ լեզուին կարեւորութիւնը` հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար: Հայ ժողովուրդը աշխարհի միակ ժողովուրդն է, որ կը տօնէ Թարգմանչաց եւ կը պատուէ իր գիրերու գիւտը, հետեւաբար մեր յարգանքն ու շնորհակալութիւնը կ՛երթայ բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ մենք այսօր հայ ենք եւ կը խօսինք, կը կարդանք, կը գրենք, կ՛երգենք եւ կ՛արտասանեք հայերէն:
Հուսկ, հայկական գեղեցիկ նազպարով վարժարանին պարախումբը յանձինս Րաֆֆի Մարսիմի, հանդէս եկաւ եւ դարձեալ այբուբենն էր, որ արժեւորուեցաւ:
Վարժարանին քայլերգով հանդէսը հասաւ իր աւարտին:

