Պասքեթպոլ. 33 Անձեր Իրաւարարի Վկայագիր Ստացան

PROFOTO

PROFOTO

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Սանթրալ վարժարանին մէջ (Ժունիէ), 33 անձեր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ իրաւարարի վկայագիր ստացան:

Այդ 33 անձերն են` Ապտալլա Պըրրօ, Ապտել Ռահման Զըրիքա, Ալեն Քանաան, Այա Տան, Պաշիր Սալեմ, Էլիաս Խուրի, Էլիաս Նասըր, Էլիաս Զղէյպ, Էլի Քասուֆ, Ֆատի Զուէյն, Հատի Հատի, Հանա Իթանի, Հանա Ատ, Հաթեմ Հաննա, Իզապել Ֆրէյն, Ժուլիան Սալամէ, Քեւին Սաատ, Խալիլ Խալիլ, Մահմուտ Տըլար, Մազեն Մալայեպ, Մոհամետ Զըրիքա, Փիեռ Մրատ, Ռաշա Իթանի, Ռայան Հաննա, Ռոտրիք Խուէյրի, Ռոժէ Ուպէյտ, Սեմի Տըմլաժ, Սարգիս Խալիլ, Սերճիօ Քասսապ, Թանիոս Նասըր, Թոնի Ժապպուր, Վաչէ Պուլտուքեան եւ Ուալիտ Իմատի:

Այս վկայագիրներու բաշխումի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, անդամներ Ֆարես Մըտաուար, Վիգէն Չերչեան, Ռոժէ Աշքութի, Հատի Ղըմրաուի, Ֆուատ Սալիպա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախկին նախագահ Անթուան Շարթիէ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Իր խօսքին մէջ Նասսար շնորհաւորեց բոլորը եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւն` իրենց նոր ասպարէզին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES