50 Տարի Առաջ (18 Նոյեմբեր 1964)
Ուէյնի Կազմեց Դահլիճ Մը, Որ Կեանք Չունեցաւ
Վարչապետը Այսօր Վերստին Պիտի Փորձէ
Համաձայնութիւն Գոյացնել Խորհրդարանական Պլոքներու Միջեւ`
14 Հոգինոց Կառավարութիւն Մը Կազմելու Համար
Երէկ կէսօրէ ետք կարծուեցաւ, թէ Ուէյնիի դահլիճը գրեթէ կազմուած է: Փակելէ ետք իր խորհրդակցութիւնները եւ պատրաստելէ յետոյ 14 անդամներէ բաղկացած կառավարական կազմի մը ցանկը, նշանակեալ վարչապետը առտուն ժամը 11:00-ին գնաց հանրապետութեան նախագահին մօտ` անոր յանձնելու համար իր նախարարներուն ցանկը:
Ժամը 14:00-ին պաշտօնական նկարիչը կանչուեցաւ նախագահական պալատ` նոր կառավարութեան նկարը քաշելու համար հանրապետութեան նախագահին հետ:
Ժամը 19:00-ին իմացանք, որ ամէն բան ծայրէն պէտք է սկսիլ: Ուէյնիի կողմէ համբերութեամբ մշակուած նախարարական ցանկը ձախողած էր: Մեծամասնութեան հաճելի չէր թուեր:
Այսուհանդերձ, Հաժ Հիւսէյն, որ տակաւին չէ յուսահատած, ծանուցեց, թէ այսօր պիտի շարունակէ իր ճիգերը` լուծելու համար տագնապը, որ հինգ օրէ ի վեր կը շարունակուի:
Որո՞նք Էին Նախարարները
Ահաւասիկ կազմը այն դահլիճին, որ նշանակեալ վարչապետը առաջարկած էր հանրապետութեան նախագահի հաւանութեան. Հիւսէյն Ուէյնի, Օսման Տանա եւ Թաքիէտտին Սոլհ (սիւննի), Փիեռ Ժեմայէլ, Էտուար Հընէյն եւ Մորիս Զուէյն (մարոնի), Նեսիմ Մեժտելենի եւ Մունիր Ապու Ֆատել (յոյն օրթոտոքս), Ղալեպ Շահին եւ Ալի Արապ (շիի), Ֆիլիփ Թաքլա եւ Անթուան Սեհնաուի (յոյն կաթոլիկ), Պեհիժ Թաքիէտտին եւ Նեժիպ Սահլա (տիւրզի):
Այս կազմին մէջ, ուր կային երկու արտախորհրդարանականները (վարչապետը եւ Թաքլա), մեծամասնականները պիտի ունենային եօթը նախարարութիւն, փոքրամասնականները` հինգ:
Ժամը 14:00-ին, Զուքէն, ուր խորհրդակցութեան մէջ էր տակաւին նախագահ Հելուի հետ, եւ ուր ժամէ մը ի վեր իրենց միացած էր նաեւ Սապրի Համատէ, Ուէյնի ապագայ նախարարներուն կը հեռաձայնէր` պահանջելով, որ անմիջապէս նախագահական պալատ գան:
Այդ պահուն տեսնուեցաւ, որ Համատէ փութով կը մեկնի նախագահական ապարանքէն, ուր շուտով կը հասնէին Պէյրութի երեք հայ երեսփոխանները` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Սուրէն Խանամիրեան: Շուտով անոնց կը հետեւէին` Նեսիմ Մեժտելենի, Անթուան Սեհնաուի, Փիեռ Ժեմայէլ եւ Ֆիլիփ Թաքլա: Քիչ յետոյ կը հասնէր Պեհիժ Թաքիէտտին, որուն կ՛ընկերանար Մունիր Ապու Ֆատել, ապա` Թաքիէտտին Սոլհ եւ Օսման Տանա. այնուհետեւ` Էտուար Հընէյն, ընկերակցութեամբ Նեժիպ Սալհայի, ու վերջապէս` Ալի Արապ եւ Մորիս Զուէյն:
Հայ Երեսփոխաններուն Պահանջները
Հայ երեսփոխանները, կը գրէ «Լ՛Օրիան», Զուք գացած էին պահանջելու համար նախարարական աթոռ մը: Պատասխանուեցաւ, թէ ատիկա անկարելի է, այնքան ատեն, որ 18 հոգինոց դահլիճ մը չէ կազմուած: Անոնց ունկնդրութիւնը տեւեց 15 վայրկեան:
Ժամ մը ետք նախագահական պալատէն առաջին մեկնողը եղաւ Մեժտելենի: Զինք հարցապնդող լրագրողներուն յայտարարեց, թէ պիտի երթայ տեսնուելու ընդդիմութեան իր ընկերներուն` անոնց հետ քննելու համար նախարարական կազմին «անհաւասարակշռութեան» հարցը, եւ կրնայ պատահիլ, որ վերադառնայ: Բայց անգամ մըն ալ չտեսնուեցաւ:
Փիեռ Ժեմայել ապա դուրս ելաւ` յայտարարելով, թէ պէտք է կուսակցութեան խորհուրդը հարցնէ:
Ժամը 15:30-ին Քամել Ասատ եկաւ եւ անմիջապէս ընդունուեցաւ նախագահ Հելուի կողմէ: Ասատ բողոքած է Ժոզեֆ Սքեֆի նախարարական կազմէն դուրս մնալուն դէմ: Ան նաեւ բանբերը եղած է Էմիր Մեժիտ Արսլանի, որ Մունիր Ապու Ֆատելի նշանակումը իրեն դէմ նետուած ձեռնոց մը կը նկատէ:
Միւս կողմէ, Ժեմայել վերադարձաւ եւ պահանջեց, որ հիւսիսային Լիբանանէն ալ նախարար մը առնուի:
Այս պայմաններու տակ, Ուէյնիի կազմած դահլիճը չկրցաւ կեանքի կոչուիլ:
Տոմսեր
Թրքասիրութիւն
Թրքասիրութիւն… եւ մի՛ գայթակղիք…
Եղեռնի յիսնամեակին առիթով կը պատրաստուինք տօնախմբութիւններ սարքել, իրաւունքներու պահանջատէր ըլլալ…
Մի՛ զարմանաք նաեւ, եթէ գոնէ մէկ հոգի գտնուի ըսելու, որ լաւ եղած է, որ թուրքը ճզմէ մեր գլուխը եւ դուրս շպրտէ մեզ մեր հողերէն…
Եթէ չըլլար այդ ջարդը, հայութիւնը, մինչեւ հիմա, մինչեւ իր ծունկը կը թրքանար…
Ինչո՞ւ…
Հին սերունդը, այսպէս կոչուած, թրքերէն կը խօսէր, ըսենք` հայերէն չէին գիտեր…
Իսկ սա սերունդը, որ հասակ նետեց ջարդէն վերջ, կը նշանակէ, որ մեծցաւ մեր ատելութեան հետ, մեր մահանալէն ետք, եթէ այս սերունդը տակաւին թրքերէն կը խօսի, թուրքը լաւ ըրաւ…
Հանրակառքին մէջ` թրքերէն…
Ինքնաշարժին մէջ` թրքերէն…
Գիւղագնացութեան վայրերու մէջ ամէնուրեք` թրքերէն…
Թրքերէ՛ն, թրքերէ՛ն, թրքերէ՛ն…
Ո՞ւր է այս մարդոց հայութիւնը…
Ու թրքախօս` մարդիկ, որոնք եկեղեցի կ՛երթան, մարդիկ, որոնք եկեղեցւոյ պնակին առջեւ կը նստին, որոնք մեր ներքին պայքարներուն կ՛ուզեն խառնուիլ, որոնք թրքերէն երգ կ՛ունկնդրեն, աղջիկ ուզելու կ՛երթան թրքերէնով, խնճոյք կ՛ընեն թրքերէնով: Ո՞ւր է այս մարդոց հայութիւնը…
Երիտասարդուհիներ, առանց խպնելու, խոշոր օթոպիւսներու մէջ կը խօսին թրքերէն, եւ` բարձրաձայն, եւ շարժավարը, որ ծաղկազարդուած կը հայհոյէ թրքերէն, ո՞ւր է հայութիւնը…
Եւ, օ՜ մեծագոյնը զաւեշտին, ընդունելութեան մը ընթացքին, օտար շրջանակի մը մէջ, մէկը, համալսարանական երիտասարդ մը, մօտենայ եւ հաճոյք պատճառելու համար խօսի ձեզի հետ թրքերէն, որովհետեւ դուք ալ հայ էք եւ ինք ալ… հայ է… ու միւսները հարցնեն, թէ ի՜նչ լեզու է սա, ու դուք ստիպուիք ըսել` թրքերէն…
Թուրքը իրաւունք ունէր… այս կը նշանակէ, թէ մենք կը սիրէինք թուրքը, կամ թրքացեր էինք, եւ կրնայինք ապրիլ Թուրքիոյ մէջ, եթէ չըլլային օտարները (թուրքի տրամաբանութիւն)…
Եւ այսօր, Պէյրութի մէջ, խանութներու մէջ եւ քիչ մը ամէն տեղ գրուած է` «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ» ու նոյն այդ խանութներուն մէջ «նեշէլի» թրքերէն երգ մտիկ կ՛ընեն մարդիկ ու թրքերէն կը խօսի…
Մանրուքի վերածուած հայութիւն…
ՄԱԿԱՐ
Երէկ Վերջապէս Անձրեւեց Լիբանանի Մէջ
Երէկ վերջապէս անձրեւեց Լիբանանի մէջ: Լիբանանցիք, յատկապէս երկրագործները, որոնք ամիսէ մը ի վեր անձրեւի կը սպասէին, սփոփանքով ողջունեցին երէկուան անձրեւը:
Առտուան ժամը 8:00-էն մինչեւ իրիկուան ժամը 8:00 51,8 միլլիմեթր անձրեւ եկաւ Պէյրութի մէջ, իսկ 10 միլլիմեթր` Պեքաայի մէջ:
Այսօր եւս պիտի անձրեւէ, բայց կէսօրէ ետք օդը պիտի բացուի: Պիտի ձիւնէ մայրիներու եւ Հերմոնի գագաթը:

