Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կը փափաքիք կալուած մը գնել, բայց հիմա ժամանակը չէ. աւելի յարմար առիթի մը սպասեցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Միշտ ուրիշներու օգնելու պատրաստ էք. բայց ուշադրութի՛ւն. մի՛ չափազանցէք. կրնաք ձեր առողջութիւնը վտանգել:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Զգուշ եղէք զգացական յարաբերութիւններու մէջ. չսիրահարած` արդէն սխալ ընտրութիւն ընելու հակամէտ էք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանեկան յարկի տակ եղած կողմնակալութիւնները չէք հանդուրժեր, ինչ որ բնական է. իւրաքանչիւր անձ իր արժէքը ունի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պէտք է դիւանագէտ ըլլալ, եթէ նոյնիսկ ձեզի անհաճոյ երեւոյթներ ըլլան. ընկերային կեանքը դիւրին չէ, եւ պէտք է հանդարտ ըլլալ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ կ՛անդրադառնաք, որ ձեր գործերը յաջող չեն ընթանար, մի՛ սպասէք. անմիջապէս ընթացքը փոխեցէք եւ ուրիշ բանի ձեռնարկեցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւ տպաւորութիւն ձգած էք ձեր շրջապատին մէջ. աշխուժ էք եւ գործունեայ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան. աւելի հանդարտ եղէք եւ չարաչար մի՛ աշխատիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ վարանիք բարեկամներէ օգնութիւն մը խնդրելու. անոնք միշտ պատրաստ են ձեզի օգնութեան հասնելու:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յաջողութիւնը կրնայ վտանգուիլ. ուշադիր եղէք եւ ձեր գործերը հաւասարակշռեցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յաճախ ձեր մտածումները խառն են եւ փոփոխամիտ էք. հանդարտութեամբ մտածեցէք եւ ներդաշնակութիւն մը կայացուցէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դրամական եկամուտ մը կ՛ակնկալէք եւ կը սպասէք, բայց անիկա կ՛ուշանայ. առ այժմ մի՛ սպասէք եւ շարունակեցէք ձեր գործը:

 

Share this Article
CATEGORIES